Thursday Jun 20, 2013

Ուսերամարտ. Ասիոյ Ախոյեանութիւն. Տոմինիք Թաննուս Արծաթ Մետալ Մը Ապահովեց Լիբանանին

By adminx - Tue Oct 09, 6:02 am

Տոմինիք Թաննուս (ձախին)

Ինտոնեզիոյ մէջ տեղի ունեցող Ասիա-Ոկվիանիա սուսերամարտի կրտսերներու ախոյեանութեան մրցումներուն, Լիբանանի ներկայացուցիչը` Տոմինիք Թաննուս, յաջողեցաւ աղջկանց մրցումներուն արծաթ մետալ մը ապահովել Լիբանանին` աւարտականին իր կատարած մրցումին շատ չնչին տարբերութեամբ մը` 15-14, պարտութիւն կրելով Քամունկ Շուէն (Հոնկ Քոնկ):

Թաննուս նախորդ սեպտեմբերին տիրացած էր ոսկի մետալի` հիւսիսային Ամերիկայի կրտսերներու ախոյեանութեան մրցումներուն (մասնակցութեամբ` 153 մասնակցողներու):

Նշենք, որ Ինտոնեզիոյ այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Ասիայէն եւ Ովկիանիայէն ժամանած 36 երկիրներու 46 անուանի մարզիկներ:

Leave a Reply

Advertisement