Wednesday May 22, 2013

Յայտարարութիւններ ( 23 ապրիլ 2011 )

By adminx - Sat Apr 23, 10:45 am

ԿՈ՛Չ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

Հայոց ցեղասպանութեան 96-ամեակը կը թեւակոխենք Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի ու սփիւռքի առջեւ ծառացող նոր մարտահրաւէրներով, որոնք կը հունաւորեն ազգային միասնական ճիգի ու կարողականութեանց համատեղման վրայ հիմնուած հայութեան երթը:

Ներկայ պատմական հանգրուանի մարտա- հրաւէրները դիմակալելու համար, հայ քաղաքական միտքը բիւրեղացուցած է իր հաւատոյ հանգանակը` համազգային տենչերն ու         իտէալները բիւրեղացնող ազգային առողջ գաղափարախօսութիւնը:

Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք պարտաւոր են այսօր Հայ դատի պահանջատիրութեան պայքարին մասնակցելու` ստանձնելով իրենց կարգավիճակէն բխող յատուկ դերակատարութիւն, իրենց ստանձնած յանձնառութեան ամբողջական ու լիիրաւ կատարումով:

Միջազգային ընտանիքին կողմէ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն անտեսումը չի կրնար պարտուողական ու զիջողական քայլերու առաջնորդել մեզ:

Հայ ժողովուրդը տէրն է իր պայքարին: Մեծ եղեռնի 96-ամեակի ոգեկոչումը առիթ է ամրացնելու ազգային միասնականութիւնը եւ ամրագրելու հաւատքը` մեծ ու ամբողջական Հայաստանի յաղթանակին նկատմամբ:

Ա՛յս հաստատումին վկան դառնալու կոչւած է այսօր ամբողջ հայութիւնը: Ա՛յս է ապրող ու ապրեցնող պատգամը Ապրիլեան նահատակներուն:

Յարգա՛նք Հայոց ցեղասպանութեան զոհ դարձած նահատակներու յիշատակին:

Յարգա՛նք 24 ապրիլ 1915-ին թրքական եաթաղանով հայ ժողովուրդին պարտադրուած ճակատագիրը մերժած եւ պայքարի ճամբուն վրայ իրենց արիւնը զոհաբերած Հայ դատի հին թէ նոր բոլոր նահատակներու յիշատակին:

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
ՍՈՑԻԱԼ ԴԵՄՈԿՐԱՏ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

———————————————————————————-

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Սիրելի՛ հայ ժողովուրդ

Լիբանանի հայոց թեմի,

2011 ապրիլ 24 թուականին կը զուգադիպի  մեր Փրկիչին` Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնը եւ մեր ժողովուրդի գողգոթային` Մեծ եղեռնի նահատակներուն ազգային սգատօնը:

Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնը` ուրախութեան եւ անվերջալոյս կեանքի ցնծալից տօնը եւ Մեծ եղեռնի ազգային սգատօնը`  նահատակներու գողգոթային մասնակից դառնալու եւ անոնց արդար իրաւունքներուն  պահանջատիրութեան պայքարը  միաժամանակ կատարելը անյարմար կրնայ թուիլ: Սակայն, ըստ էութեան ու յատկապէս հայ ժողովուրդին համար, անոնք զիրար ամբողջացնող եւ իրարու զօդուած իրողութիւններ են: Այս զուգադիպութեան մէջ հակասութիւն տեսնելու փոխարէն, պէտք է բացառիկ առիթ նկատել` լաւագոյնս հասկնալու եւ արժեւորելու Մեծ եղեռնի նահատակները եւ անոնց ընդմէջէն պայծառափայլ դրսեւորել Քրիստոսի յարութեան հաւատքը: Մեծ եղեռնի նահատակները գիտակցօրէն քալեցին գողգոթայի ճանապարհէն` աներեր եւ անայլայլ հաւատք ունենալով Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան եւ յաւիտենական կեանքին նկատմամբ:

Հետեւաբար, նկատի ունենալով իւրաքանչիւր տօնին իւրայատկութիւնը եւ զայն առանձնակի տօնելու կարեւորութիւնը, թեմիս կրօնական ժողովը որոշում կայացուց`

- Կիրակի, 24 ապրիլի առաւօտեան, Ս. Յարութեան տօնը կատարել եկեղեցիներուն մէջ հանդիսաւոր Ս. պատարագով:

- Երկուշաբթի, 25 ապրիլին, Մեռելոցի օրը, Մեծ եղեռնի նահատակներու ոգեկոչումը կատարել առաւօտեան ժամը 9:30-ին, եկեղեցիներուն մէջ Ս. պատարագով եւ Պուրճ Համուտի ու Ֆըրն Շըպպեքի ազգային գերեզմանատուներուն մէջ ժամը 11:00-ին հանդիսաւոր հոգեհանգիստ անդաստանով:

 

Կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն` առաւել գիտակցութեամբ եւ մշտանորոգ հաւատքով մասնակցելու  այս զոյգ առիթներուն, որոնց օրացուցային հազուադէպ զուգադիպութիւնը ամէնէն ցայտուն արտայայտութիւնն է հայ ժողովուրդի  խոր հաւատքին եւ անմնացորդ յանձնառութեան` կառչած մնալու յաւիտենական արժէքներու:

Նահատակները շօշափելի եւ կեանքով փաս- տուած ապացոյցներն են Քրիստոսի յարութեան հաւատքին:

Հայ ժողովուրդը իր բիւրաւոր նահատակներով դրօշակիրն  ու ախոյեանն է Քրիստոսի լոյս հաւատքին:

ԳԵՂԱՄ  ԱՐՔ.  ԽԱՉԵՐԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ

———————————————————————————-

ՄԵԾ ԵՂԵՌՆԻ 96-ԱՄԵԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

 

  • Հոգեհանգստեան պաշտօն
  • Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու խօսք
  • Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանի խօսք
  • Հայրապետական պատգամ

Տեղի կ՛ունենայ կիրակի, 24 ապրիլ 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ:

Հրաւիրուած է համայն լիբանանահայութիւնը

———————————————————————————-

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳ`
Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Կիրակի, 24 ապրիլ 2011-ին, մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնին առիթով Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ պիտի պատարագէ եւ իր հայրապետական պատգամը տայ`

ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Ս. պատարագի քառաձայն երգեցողութիւնը պիտի կատարուի կաթողիկոսարանիս «Շնորհալի» երգչախումբին կողմէ` ղեկավարութեամբ

ՀՈԳՇ. Տ. ԹՈՐԳՈՄ ՎՐԴ. ՏՕՆՈՅԵԱՆԻ:

Սկիզբ ժամերգութեան`      ժամը 8:00-ին
Սկիզբ Ս. պատարագի`     ժամը 10:00-ին
Հայրապետական պատգամ`  ժամը 11:00-ին

Սիրով կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները` ներկայ գտնուելու սուրբ եւ անմահ պատարագին, լսելու վեհափառ հայրապետին պատգամը եւ վերանորոգուելու Ս. Յարութեան հրաշազարդ խորհուրդով:

ԾԱՆՕԹ.- Նկատի ունենալով, որ այս տարի Ս. Զատիկը կը զուգադիպի Ապրիլ 24-ին` իբրեւ յարգանքի արտայայտութիւն Ցեղասպանութեան զոհ մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն, վեհափառ հայրապետը որոշած է այս տարի զատկական շնորհաւորութիւնները ջնջել:

ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ

———————————————————————————-

Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՊԱՏԱՐԱԳ`
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին առիթով` կիրակի, 24 ապրիլ 2011-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ սուրբ եւ անմահ պատարագ:

Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻՆ

Սկիզբ ժամերգութեան`            ժամը 7:30-ին
Պատարագ`               ժամը 9:30-ին
Քարոզ`                        ժամը 11:00-ին

Սիրով կը հրաւիրուի մեր սիրելի ժողովուրդը ներկայ գտնուելու սուրբ եւ անմահ պատարագին` վերանորոգուելու համար Ս. Յարութեան խորհուրդով եւ լսելու առաջնորդ սրբազան հօր պատգամը:

Այնուհետեւ, Գերշ. Տ. Գեղամ արք. Խաչերեան, Ս. Յարութեան տօնին առիթով շնորհաւորութիւններ պիտի ընդունի ՔԱՂԱՔԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ԴԱՀԼԻՃԻՆ ՄԷՋ` պատարագի աւարտէն ետք մինչեւ ժամը 1:00, իսկ կէսօրէ ետք` ժամը 4:00-էն 6:00:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

———————————————————————————-

ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ` Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՒԱԳ ՇԱԲԹՈՒԱՆ

Աւագ ուրբաթ, 22 ապրիլ 2011

Կարգ Խաչելութեան` առաւօտեան ժամը 9:00-ին
Կարգ թաղման`        երեկոյեան ժամը 4:00-ին

Կարգը պիտի կատարէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆ

Աւագ շաբաթ, 23 ապրիլ 2011

Երեկոյեան ժամերգութիւն`   ժամը 3:30-ին
Ճրագալոյցի Ս. պատարագ`       ժամը 5:00-ին

Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը:

ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

———————————————————————————-

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԹԱՂՄԱՆ ԹԱՓՕՐ

Աւագ ուրբաթ, 22 ապրիլ 2011-ին, մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի չարչարանաց, խաչելութեան ու թաղման յիշատակին սրբազան արարողութիւն պիտի կատարուի Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ:

Եկեղեցական արարողութեան եւ թափօրին պիտի հանդիսապետէ եւ քարոզէ`

ԳԵՐՇ. Տ. ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի հայոց թեմին

Սկիզբ ժամերգութեան`            ժամը 4:30-ին

Յետ եկեղեցական արարողութեան, թաղման հանդիսաւոր թափօր պիտի կատարուի` մասնակցութեամբ Քահանայից դասուն, Դպրաց դասին եւ ժողովուրդին:

Կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդին բոլոր զաւակներուն` մասնակից դառնալու եկեղեցական ժամերգութեան եւ թաղման թափօրին ու զօրանալու մահով Յարութիւն կերտած Քրիստոսի խաչով:

ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

———————————————————————————-

ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԿՈՒԱՆ
ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ եւ գերերջանիկ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարք Յարութեան տօնին առիթով հայրապետական սուրբ պատարագը պիտի մատուցէ եւ Ս. Յարութեան պատգամը պիտի փոխանցէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ – Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, Տեպպաս հրապարակ, կիրակի, 24 ապրիլ 2011-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:

Հոգեւոր տէրը շնորհաւորութիւնները պիտի ընդունի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ`

Կիրակի, 24 ապրիլ 2011-ին ժամը           12:00-էն- 13:30 եւ 16:30-էն- 18:30:

Երկուշաբթի, 25 ապրիլ 2011-ին, ժամը 11:00-էն- 12:30:

ԴԻՒԱՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ

———————————————————————————-

ՍՈՒՐԲ ՓՐԿԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԺՈՂՈՎՐԴԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ – ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏ

ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՒՑԱԿ`
ԱՒԱԳ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՏՕՆԻ
ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

ԱՒԱԳ ՈՒՐԲԱԹ, 22 ապրիլ 2011-ին, երեկոյեան ժամը 4:30-ին,

Հանդիսապետութեամբ ամենապատիւ եւ գերերջանիկ
ՆԵՐՍԷՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԹ.
Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարքին

Տեղի կ՛ունենայ երեկոյեան ժամերգութիւն, ապա` Յիսուս Քրիստոսի թաղման արարողութիւն: Յաւարտ Ս. թաղման արարողութեան` թափօր Պուրճ Համուտի ներքին փողոցներուն մէջ:

ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹ, 23 ապրիլ 2011-ին, ՃՐԱԳԱԼՈՅՑ ՍՐԲՈՑ ԶԱՏԿԻՆ:

Երեկոյեան ժամը 4:30-ին, մարգարէութիւններու ընթերցում, ապա` Ճրագալոյցի Ս. պատարագ: Կը պատարագէ ու կը քարոզէ`

ՀԱՅՐ ՍԱՐԳԻՍ ՎՐԴ. ԴԱՒԻԹԵԱՆ
Ժողովրդապետ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ:

Նոյն օրը, գիշերուան ժամը 11:30-ին, կը մատուցուի կէս գիշերուան Ս. պատարագ:

ԿԻՐԱԿԻ, 24 ապրիլ 2011-ին, ԶԱՏԻԿ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏԵԱՌՆ ՄԵՐՈՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ:

Առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Զատիկ Յարութեան: Հայրապետական Ս. պատարագ, կը պատարագէ ու կը քարոզէ`

ԱՐՀԻԱՊԱՏԻՒ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԵՊՍ. ԹԷՅՐՈՒԶԵԱՆ:

ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 25 ապրիլ 2011-ին, ՕՐ ՄԵՌԵԼՈՑ:

Պատարագները կը մատուցուին գերեզմանատան մատրան մէջ, առաւօտեան ժամը 8:30-ին, իսկ հանդիսաւոր պատարագը` ժամը 10:00-ին:

ՄԵՐ ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐՈՒՆ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ

Շաբաթ, 23 ապրիլի կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, «Լուպնան Հըր» ձայնասփիւռի կայանէն հետեւեցէք Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յայտագիրին:

———————————————————————————-

«ԱՌԱՔԵԼՈՑ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲ

Լիբանանեան քրիստոնէական «Թելէ Լիւ-միեր» պատկերասփիւռի կայանի «Նուրէլ Մուսիքա» յայտագիրէն «Առաքելոց» երգչախումբը պիտի մեկնաբանէ Աւագ շաբթուան եւ Ս. Յարութեան շարականներու շարք մը` շաբաթ, 23 ապրիլ 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին:

Կրկնութիւնը` կիրակի կէսօրէ ետք:

———————————————————————————-

ՀՅԴ ԼԵՄ-Ի «ՐԱՖՖԻ»
ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ
ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ

Տեղի կ՛ունենայ ուրբաթ, 22 ապրիլ 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Սողոմոն Թեհլիրեան» ակումբին կից:

ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

———————————————————————————-

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

ՀՈԳԵԼՈՅՍ Տ. ՎԱՉԷ ՔՀՆՅ. ԹԱԹՈՅԵԱՆի վախճանման Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի երկուշաբթի, 25 ապրիլ 2011-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

———————————————————————————-

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

ՀՐԱՅՐ ԳԱՍԱՊԵԱՆի մահուան Ժ. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի երկուշաբթի, 25 ապրիլ 2011-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

ԱՅՆՃԱՐ
ՍԱՐԳԻՍ ԱՆՏՈՆԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի երկուշաբթի, 25 ապրիլ 2011-ին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

———————————————————————————-

ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ
ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
ԼԻԲԱՆԱՆ

ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՅՈՒՇԱՏՕՆ
ՄԻԱՑԵԱԼ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ

Տեղի կ՛ունենայ շաբաթ, 23 ապրիլ 2011-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայ աւետարա-  նական Էմմանուէլ եկեղեցւոյ մէջ, Նոր Ամանոս:

Պատգամաբեր`
ՎԵՐ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՍՎԱՃԵԱՆ

Հաւատացեալ ժողովուրդը կը հրաւիրուի ներկայ ըլլալու սոյն պաշտամունքին` ոգեկոչելու համար մեր նահատակներուն յիշատակը:

ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ
ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

———————————————————————————-

Ս. Յարութեան տօնին առիթով` Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահը եւ Կեդրոնական մարմինը շնորհաւորութիւններ պիտի ընդունին կիրակի, 24 ապրիլ 2011-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ ընդունելութեանց սրահին մէջ, Մեքսիք փողոց, Պէյրութ:

ՄԱՀԱԵ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ ԴԻՒԱՆ

———————————————————————————-

Կազմակերպութեամբ`
ՀՅԴ «ՇՈՒՇԻ» ԿՈՄԻՏԷԻՆ

Գործակցութեամբ` շրջանի թաղական
խորհուրդին, ԼՕԽ-ի «Հեղուշ Փափազեան
եւ «Չաւօ Շանթ» մասնաճիւղերուն

ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ
ՅԻՇԱՏԱԿԻ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔ

Կը բանախօսէ` ՐԱՖՖԻ ԿԷՕՎՕՂԼԱՆԵԱՆ

- Գեղարուեստական յայտագիր

Ասմունք`
ՄԱՐԱԼ ՂԱՐԻՊԵԱՆ-ԳԱԼԵՄՔԵՐԵԱՆ

Երգ` ՇԱՔԷ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ

Տեղի կ՛ունենայ ուրբաթ, 22 ապրիլ 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ, Ռաուտայի «Էհլան» ժողովրդային բնակարաններու դաշտին մէջ:

———————————————————————————-

Հիմնադրութեան 55-ամեակին առիթով
ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ

Կը ներկայացնէ`
ԷԹՆՕ ՎՈՔԱԼ ԹՐԻՕ

ԱՆՆԱ ՄԱՅԻԼԵԱՆ վոքալ, գեղարուեստական ղեկավար
ԱԼԻՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ վոքալ
ՅԱՍՄԻԿ ԶԱՔԱՐԵԱՆ վոքալ
ԷԼԵՆ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ դաշնակ

Տեղի կ՛ունենայ չորեքշաբթի, 27 ապրիլ 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ, Մեքսիք փողոց, Քանթարի, Պէյրութ:

Մուտքը` հրաւիրատոմսով

Նախօրօք տոմսերը ապահովել դիմելով`
Հայկազեան համալսարանի նախագահի գրասենեակ (01-739412)
եւ ՄԱՀԱԵՄ-ի հրատարակչական մարմինի գրասենեակ (01-565628):

———————————————————————————-

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Առողջապահական Յանձնախումբ
«Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնի Նախազգուշական բաժանմունք

ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ ՇԱՐՔ

Նիւթ`
«ՈՒՏԵԼԻՔՆԵՐԸ ԼԱՒԱՊԷՍ ՊԱՀՊԱՆԵԼՈՒ ԿԵՐՊԵՐԸ»

Դասախօս`
ԱՆԱՀԻՏ ՏՕՆԻԿԵԱՆ
Ճաշագիրքերու Հեղինակ

Տեղի կ՛ունենայ չորեքշաբթի, 27 ապրիլ 2011-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ:

———————————————————————————-

ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի անդամական ընդհանուր ժողովը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 29 ապրիլ 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պէյրութի ակումբին մէջ:

ԾԱՆՕԹ.- Ներկաներուն թիւը մեծամասնութիւն պիտի նկատուի երեկոյեան ժամը 8:30-ին:

ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

———————————————————————————-

«ՍԿԱՈՒՏԻՆ ՁԱՅՆ»Ը ՅԱՅՏԱԳԻՐ`
«ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ»ԷՆ

«Վանայ ձայն»էն ունկնդրեցէք «Սկաուտին ձայնը» յայտագիրը` երկշաբաթեայ դրութեամբ, շաբաթ օրերը, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-էն 4:00:

Յայտագիրի ընթացքին պիտի լսէք ՀՄԸՄ-ի Շրջանային խմբապետութեան խօսքը, ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղերու եւ շրջաններու պատմականը: Յայտագիրը կ՛ընդգրկէ նաեւ հարցազրոյց` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ ԳԵՐՇ. Տ. ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆի հետ:

«Սկաուտին ձայնը» յայտագիրը կը պատրաստէ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային խմբապետութիւնը:

Դ. հաղորդումը` շաբաթ, 23 ապրիլ 2011-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին:

———————————————————————————-

ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ

Ճամբորդութեան պատճառով` Անթի-     լիաս, Սիւփըր մարքեթ O & C-ի թաղը, 125 քառ. մեթր, 7-րդ յարկ, կահաւորուած, գեղատեսիլ եւ ծովահայեաց դիրք: Վերջին գին` 225,000 տոլար: Դիմել` հեռ. 04-525589:

———————————————————————————-

Կ՛ՈՒԶՈՒԻ

Կանացի վարսատուն մը` Զալքայի շրջանին մէջ, կարիքը ունի «պրաշէօր» եւ «շանփուանիօր» պաշտօնեաներու: Դիմել` հեռ. 03-071844:

———————————————————————————-

ՎԱՐՁՈՒ ԽԱՆՈՒԹ

Արմենիա պողոտայ` նամակատան կից, երկու փեղկով, 80 քառ. մեթր: Հեռ. 01-259438:

———————————————————————————-

ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ

Տէր եւ տիկին Հրանդ եւ Մարի Սիմոնեան 500 ամ. տոլար` ՔԱՀԼ-ի Հայ ծերանոցին:

 

 

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement