«Հունգարիոյ Ժողովուրդը Մեր Թշնամին Չէ, Հակառակ Հունգարական Կառավարութեան Սխալ Որոշումին» Յայտարարեց Նախագահ Սարգսեան
By adminx - Tue Oct 09, 7:54 am
- 0 Comments
- 127 views
- Tweet
Email
Print
Հունգարիոյ ժողովուրդը մեր թշնամին չէ, հակառակ այն սխալ որոշումին, որ ընդունած է պաշտօնական Պուտափեշտը: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Հայաստանի նախագահին տուած բացառիկ հարցազրոյցը հունգարական «Էյ. Թի. Վի» պատկերասփիւռի կայանին: Հայաստանի նախագահը անդրադարձած է հայ-հունգարական յարաբերութիւններուն, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի լուծման եւ Սաֆարովի արտայանձման հարցերուն:
«Մենք ատիկա սխալ որոշում կը նկատենք», ըսած է Սարգսեան` անդրադառնալով Սաֆարովի արտայանձման հունգարական քայլին: Հայաստանի նախագահը Ազրպէյճանի վարած քաղաքականութեան մէջ չի տեսներ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման ձգտում, սակայն «Հայաստան ամէն կարելին կ՛ընէ հասնելու այդ նպատակին»: Նախագահը միեւնոյն ժամանակ ընդգծած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ազրպէյճանի կողմէ ռազմական յարձակման պարագային Հայաստանը պիտի պաշտպանէ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիները:
Հայաստանի նախագահը նկատած է, որ Հունգարիոյ կառավարութիւնը գիտակցած է որոշման հետեւանքները, իսկ այդ երկրի բարձրաստիճան պաշտօնեաները ամիսներ շարունակ կը հաւաստիացնէին Հայաստանին, թէ Սաֆարովը պիտի չարտայանձնուի: «Ես պիտի չուզէի, որ հայ ժողովուրդը հունգար ժողովուրդին թիկունք դարձնէր այնպէս, ինչպէս հունգարական կառավարութիւնը ըրաւ հայ ժողովուրդին նկատմամբ», նկատել տուած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Հայաստանի նախագահը ընդգծած է, որ հայ եւ հունգար ժողովուրդներուն միջեւ միշտ եղած են լաւ յարաբերութիւններ, մշտապէս եղած են հայ հերոսներ, որոնք իրենց կեանքը զոհած են Հունգարիոյ անկախութեան համար: Նախագահը շեշտած է, որ անհրաժեշտութեան պարագային նման հերոսներ կրկին պիտի ըլլան: Սերժ Սարգսեանի համաձայն, Սաֆարովը արտայանձնելու վերաբերեալ Հունգարիոյ կառավարութեան որոշումը աւելի սրած է հայ-ազրպէյճանական տագնապը` միեւնոյն ժամանակ վնաս հասցնելով նաեւ Եւրոպական Միութեան արեւելեան քաղաքականութեան:
Միւս կողմէ, նախագահ Սերժ Սարգսեան անցեալ շաբաթավերջին «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան տրուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Ազրպէյճան կը ցանկայ նոր պատերազմ հրահրել Լեռնային Ղարաբաղի դէմ:
Ըստ անոր, Ազրպէյճան կը կուտակէ սպառազինութեան հսկայական պաշարներ եւ կը պատրաստուի նոր պատերազմի: Մինչդեռ, ըստ Հայաստանի նախագահին, Հայաստան կը ցանկայ խաղաղ ճամբով լուծել տագնապը եւ ջանք չի խնայեր անոր համար:
«Երբ ես կ՛ըսեմ, որ Ազրպէյճան հայատեաց եւ այլատեաց քաղաքականութիւն կը վարէ, երբ կը խօսիմ սպառազինութեան վտանգաւոր քանակին մասին, երբ կ՛ըսեմ, որ Պաքու կը ցանկայ տագնապը լուծել ռազմական ճամբով, ատիկա երբեք չի նշանակեր, որ բանակցային հոլովոյթը պիտի չշարունակուի», նշեց նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Մեկնաբանելով ազրպէյճանցի մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովը ազատ արձակելու փաստը` Հայաստանի նախագահը յայտարարեց, որ ատիկա կ՛ապացուցէ, որ Լեռնային Ղարաբաղը` 160 հազար բնակչութեամբ, չի կրնար ըլլալ Ազրպէյճանի կազմին մէջ: «Այդ քայլը դարձեալ հաստատեց, որ Լեռնային Ղարաբաղը ապագայ չունի Ազրպէյճանի կազմին մէջ», շեշտեց հանրապետութեան նախագահը:
«Մենք չենք կասկածիր, որ Ազրպէյճան կը ցանկայ փոխել իրադրութիւնը ռազմական ճամբով, եւ ատիկա կանխել կարելի է Հայաստանի զինեալ ուժերու մարտունակութեան միջոցով», ընդգծեց նախագահը:
Ան միջազգային հանրութեան կոչ ուղղեց «որոշակի քայլերու ձեռնարկելու» տագնապի լուծման ուղղութեամբ: Ըստ նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Ազրպէյճան խախտած է սովորական սպառազինութիւններու մասին համաձայնագիրը, եւ հակառակ անոր որ տեսուչները տեղեակ են անոր` «արձագանգը զերօ է»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ համոզուա՞ծ է, որ պիտի տեսնէ ղարաբաղեան տագնապին լուծումը, Հայաստանի նախագահը շեշտեց, որ ինք համոզուած է: Ան երբեք Լեռնային Ղարաբաղը չի տեսներ Ազրպէյճանի կազմին մէջ, եւ ատիկա արդէն մեծ յաջողութիւն է»:
- 0 Comments
- 127 views
- Tweet
Email
Print



