Ըստ ԱՓԱ-ի Թուրքիա Կրնայ Հայաստանի Համար Իր Օդային Տարածքը Փակել, Եթէ Հայերը Դէպի Լեռնային Ղարաբաղ Թռիչքներ Կատարեն
By adminx - Tue Oct 09, 7:48 am
Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով դիւանագիտական աղբիւրներ, կը հաղորդէ, որ Թուրքիա կրնայ Հայաստանի համար իր օդային տարածքը փակել, եթէ հայերը դէպի «գրաւուած ազրպէյճանական հողեր» թռիչքներ կատարեն:
Ըստ ԱՓԱ-ի աղբիւրներուն, այս առնչութեամբ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ գոյութիւն ունի որոշակի համաձայնութիւն: Ըստ լրատու գործակալութեան, տուեալ հարցը վերջերս քննարկուած է երկու երկիրներու քաղաքային օդանաւորդութեան կառոյցներուն միջեւ:






Voyeve ouzh ch grnar Hye Zhoghovourtin Azadkrvats Hogheroun vrayen trichk gadarelou arkelk hantisana esd Michaskayin orenknerou himnan peroomov, Turkin Sbarnalike miyayn ir shoogayin mech garogh ae Vadjarel!!!