Անիի Աւերակները Կ՛օգտագործուին Իբրեւ Արօտավայր
By adminx - Tue Oct 09, 7:47 am
- 0 Comments
- 138 views
- Tweet
Email
Print
Թրքական «Հապեր7» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Հայաստան-Թուրքիա սահմանին մօտ գտնուող Անիի աւերակները Կարսի շրջանի Օճաքլը գիւղի բնակիչներուն կողմէ իբրեւ արօտավայր կ՛օգտագործուին:
Տարածքին հսկող անվտանգութեան չորս աշխատակիցները եւ 78 հեկտար տարածքը շրջապատող 4.5 քիլոմեթր երկարութեամբ ցանկապատը չեն յաջողիր արգելք հանդիսանալ դրացի գիւղի անասնապահներուն:
Կարս նահանգի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան տնօրէն Հաքան Տողանայ նշած է, որ բազմիցս զգուշացուցած է գիւղացիներուն, որ Անին պատմական վայր է եւ հոն անասուններ արածելը` արգիլուած: Ան շեշտած է, որ գիւղացիներուն բացատրած է, որ Անիի մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման համար բազմաթիւ ծրագիրներ կը մշակեն, որոնք պիտի օգնեն Օճաքլը գիւղի բնակիչներուն եկամուտ ապահովելու:
Գիւղի բնակիչները առարկած են, թէ այս տարի չոր եղանակ է եւ կերի հայթայթման համար է, որ անասունները մտցուցած են Անիի տարածք: Բնակիչները պնդած են, թէ իրենք Անիի աւերակներուն տէր կը կանգնին:
Նշենք, որ Օճաքլը գիւղի անասնապահները մշտապէս Անին կ՛օգտագործեն իբրեւ արօտավայր եւ այս տարին նորութիւն չէ: Աւելի՛ն, Օճաքլը գիւղի տուները, գոմերը, փողոցները եզերող պարիսպները կառուցուած են Անիի պատմական շինութիւններէն գողցուած քարերով:
- 0 Comments
- 138 views
- Tweet
Email
Print



