Wednesday May 22, 2013

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Հաշուեքննիչ Մարմինի Վերակազմակերպման Օրինագիծ Մը

By adminx - Tue Oct 09, 7:45 am

Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք վարչապետարանին մէջ գումարեց նիստ մը` նախագահութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ 7 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:

Նիստէն բացակայեցան նախարարներ Ղազի Արիտի, Վրէժ Սապունճեան, Ատնան Մանսուր, Նիքոլա Սահնաուի, Ալաէտտին Թըրրօ եւ Սելիմ Քարամ:

Կառավարութեան նիստին ընթացքին վարչապետ Միքաթի նշեց, որ կառավարութիւնը պիտի քննարկէ վարչութիւններուն աշխատանքը բարելաւելու նպատակով մշակուած օրինագիծեր:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ կառավարութիւնը վաւերացուց Հաշուեքննիչ մարմինի վերակազմակերպման օրինագիծ մը:

Ան աւելցուց նաեւ, որ սկզբունքային համաձայնութիւն մը գոյացած է նաեւ իւրաքանչիւր նախարարութեան մէջ ծրագրաւորման յատուկ յանձնախումբ մը յառաջացնելու շուրջ:

Տաուք յայտնեց, որ կառավարութիւնը պետական մարզի պաշտօնեաներու աշխատավարձերու յաւելումներուն ֆինանսաւորումը կամ ապահովական որեւէ հարց չէ քննարկած:

Տեղեկատուութեան նախարարը ըսաւ նաեւ, որ նիստին սկիզբը վարչապետ Միքաթի շեշտած է, որ կառավարութիւնը կը վստահի խորհրդարանին հետ գործակցութեան, ինչպէս նաեւ օրինագիծեր սերտելու եւ փտածութեան դէմ պայքարի լիբանանեան ցանց մը ստեղծելու նախագիծը պատրաստելու:

Նախքան նիստին սկսիլը, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել նշեց, որ պետական նշանակումները մօտիկ ապագային պիտի կատարուին:

Իր կարգին, ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի ըսաւ, որ պետական մարզի պաշտօնեաներու աշխատավարձերու յաւելման հարցը կը գտնուի այդ թղթածրարին քննարկումով զբաղող յատուկ նախարարական յանձնախումբին մօտ:

Վաղուան դասադուլին մասին հարցումի մը պատասխանելով, կրթութեան նախարար Հասսան Տիապ յայտնեց, որ սենտիքայական աշխատանքը համադրող խորհուրդին յայտարարած գործադուլ-դասադուլը արտայայտութեան իրաւունք է:

Միւս կողմէ, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի երէկ ստորագրած է ելեկտրական հոսանք արտադրող նաւերուն վերաբերող հրամանագիրը:

Վարչապետարանին մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ պետական նշանակումներու թղթածրարին քննարկումը կրնայ յետաձգուիլ յառաջիկայ շաբթուան:

Կառավարութիւնը իր յաջորդ նիստը պիտի գումարէ վաղը, Պաապտայի մէջ` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի:

Leave a Reply

Advertisement