Պըրրի Արդարութեան Նախարարին Հետ Քննարկեց Պետական Նշանակումներուն Վերաբերող Հարցեր
By adminx - Tue Oct 09, 7:42 am
- 0 Comments
- 6 views
- Tweet
Email
Print
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ պետական նշանակումներուն վերաբերող շարք մը հարցեր:
Պըրրի ընդունեց մեքսիքական պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեց Մեքսիքոյի մէջ լիբանանեան կեդրոնի նախագահ, ծագումով լիբանանցի Ճիմթիմ Չաւեզ:
Հանդիպումէն ետք Չաւեզ յայտնեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն Մեքսիքոյի մէջ լիբանանեան դպրոց մը հիմնելու` լիբանանեան-մեքսիքական յարաբերութիւնները բարելաւելու շրջագիծին մէջ:
Ան աւելցուց, որ յառաջիկայ հանգրուանին երկկողմանի գործակցութիւնը եւս պիտի բարելաւուի երկու կառավարութիւններուն եւ ժողովուրդներուն միջեւ:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Իսլամ կրօնաւորներու համախմբումը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն անունով շէյխ Ահմետ Զէյն հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ համախմբումը կը մերժէ 1960-ի ընտրական օրէնքն ու Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը:
Շէյխ Զէյն հաստատեց, որ Լիբանանը մէկ ընտրաշրջանի վերածող ընտրական օրէնքը, որ հիմնուած է համամասնական դրութեան վրայ, լաւագոյնս կը ներկայացնէ լիբանանցիները:
- 0 Comments
- 6 views
- Tweet
Email
Print




