Monday May 20, 2013

Սապունճեան Ընդունեց Ճափոնի Դեսպանը

By adminx - Tue Oct 09, 7:39 am

Սապունճեան եւ Օցուգա

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպան Սիչի Օցուգան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-ճափոնական յարաբերութիւնները եւ երկկողմանի գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները, յատկապէս Լիբանանի եւ Ճափոնի միջեւ առեւտրական եւ ճարտարարուեստի մարզերուն վերաբերող փոխանակումներու մարզերուն պարագային:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան արտադրութիւններ, ինչպէս` գոհարեղէն, հագուստեղէն եւ սննդամթերքի ճարտարարուեստը, պտուղներն ու բանջարեղէնը Ճափոն արտածելու հեռանկարները:

«Լիբանան կրնայ ճափոնական արտադրութիւններու կազմութիւնը ստանձնել եւ զանոնք արտածել ամբողջ աշխարհին», ըսաւ Սապունճեան:

Օցուգա նախարար Սապունճեանին փոխանցեց Թոքիօ այցելութեան պաշտօնական հրաւէր մը:

Leave a Reply

Advertisement