Հըզպալլա Կը Հերքէ Թուէյնիի Սպանութեան Իր Մեղսակցութեան Մասին Լուրերը
By adminx - Tue Oct 09, 7:38 am
- 0 Comments
- 29 views
- Tweet
Email
Print
Հըզպալլա երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձաւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու անդամ անձնաւորութիւններուն կատարած յայտարարութիւններուն, այդ ուժերուն պատկանող կայքէջերուն տեղադրած տեղեկութիւններուն, որոնք կ՛անդրադառնան երեսփոխան Ժըպրան Թուէյնիի սպանութեան հարցին:
«Կարգ մը հարցերու շուրջ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն յայտարարութիւնները եւ կեցուածքները, որոնց հիմք կը ծառայեն շինծու եւ անճիշդ տեղեկութիւնները, անհեթեթ են եւ հիմնուած սուտերու վրայ: Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն «երգչախումբ»-ը վերջերս հիմնուեցաւ երեսփոխան Ժըպրան Թուէյնիի սպանութեան վերաբերող Սէուտական Արաբիոյ «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին բացայայտած ենթադրեալ «փաստաթուղթ»-երուն վրայ, որոնք ստանձնուած են Սուրիոյ ընդդիմութեան կողմէ: Այսպէս կոչուած փաստաթուղթերը հիմնուած են անճիշդ եւ շինծու տեղեկութիւններու վրայ եւ Հըզպալլա կը հերքէ Թուէյնիի սպանութեան իր մեղսակցութեան մասին շրջանառութեան մէջ դրուած այս լուրերը` ընդգծելով, որ ինք կը մերժէ քաղաքական սպանութիւնները: Հըզպալլա կը սպասէ, որ երկրին դատական իշխանութիւնները այս գծով իրենց խօսքը ունենան ըսելիք, որովհետեւ փաստուած է, թէ երկրին ապահովութեան գծով յանձնառութիւն ունենալ ձեւացնող կողմերը պատասխանատուութեան նուազագոյն գիտակցութիւնը իսկ չունին», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
- 0 Comments
- 29 views
- Tweet
Email
Print



