Զօր. Սերրա. «Պիտի Շարունակենք Մեր Առաքելութիւնը, Մինչեւ Խաղաղութեան Հաստատումը»
By adminx - Tue Oct 09, 7:36 am
- 0 Comments
- 2 views
- Tweet
Email
Print
ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրա երէկ շեշտեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը կարելի է կրճատել երեք եզրերով` հսկողութիւն, օժանդակութիւն եւ զօրակցութիւն:
Ան շեշտեց, որ հսկողութիւնը ուղղակիօրէն կապուած է զինադադարին եւ յարձակումներու կասեցման հետ, օժանդակութիւնը կը վերաբերի լիբանանեան բանակին եւ Լիբանանի կառավարութեան, իսկ զօրակցութիւնը կը վերաբերի լիբանանցիներուն, որոնք կ՛ապրին հարաւային Լիբանանի մէջ:
Զօր. Սերրա այս յայտարարութիւնները կատարեց Արքուպի քաղաքապետարաններու համադաշնակցութեան նախագահ Մոհամետ Սաապի կողմէ իրեն ի պատիւ կազմակերպուած մեծարանքի երեկոյին ընթացքին:
Զօր. Սերրա շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանցիներուն, որոնք մնայուն կերպով կը զօրակցին ՖԻՆԻՒԼ-ին` աւելցնելով, որ հարաւցիներուն եւ միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ յարաբերութիւնը վերածուած է ընտանեկան յարաբերութեան: Ան հաստատեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը պիտի շարունակեն իրենց առաքելութիւնը, մինչեւ իրենց նպատակներուն իրագործումը եւ խաղաղութեան հաստատումը:
- 0 Comments
- 2 views
- Tweet
Email
Print




