Friday May 24, 2013

Ժոմպլաթ. «Քաղաքականութիւնը Հիմնուած Պէտք Է Ըլլայ Փոփոխութիւններու Վրայ»

By adminx - Tue Oct 09, 7:35 am

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Ֆորէյն Փոլիսի» շաբաթաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ քաղաքականութեան մէջ հաստատ բաներ չկան, այլ` քաղաքականութիւնը պէտք է հիմնուած ըլլայ փոփոխութիւններու վրայ:

«Երբեմն կը ստիպուինք շրջանին մէջ տիրող պայմաններուն համաձայն մեր կեցուածքները փոխել», ըսաւ ան:

Սուրիոյ տագնապին անդրադառնալով`  Ժոմպլաթ սուրիական վարչակարգը նկատեց գերակայութեան բարդոյթէ տառապող եւ բռնատիրական վարչակարգ:

Ազգային պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի նախագահը շեշտեց, որ Հըզպալլայի հետ իր յարաբերութիւնները լաւ են` աւելցնելով, որ ինք համոզուած չէ կառավարութենէն հրաժարելու գաղափարով:

Leave a Reply

Advertisement