Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
By adminx - Tue Oct 09, 7:34 am
- 0 Comments
- 10 views
- Tweet
Email
Print
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ պաշտօնական պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ դատախազ Հասան Շամիի երէկ ուղղուեցաւ Լիպիա, շարունակելու համար անյայտ կորսուած իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն թղթածրարին քննարկումը:
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան յայտնեց, որ իսլամներն ու քրիստոնեաները պէտք է համաշխարհային ճակատ մը ստեղծեն` փրկելու համար Երուսաղէմը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ կառավարութեան կատարելիք կարեւորագոյն նուաճումը պիտի ըլլայ 2013-ի պետական պիւտճէի նախագիծին խորհրդարան փոխանցումը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան շեշտեց, որ տիւրզի համայնքը ապահով ձեռքերու մէջ կը գտնուի` աւելցնելով, որ իրենք պիտի չարտօնեն, որ սադրանքները հասնին Լեռնալիբանան կամ անցնին Լեռնալիբանանէն:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ ինք իր թեկնածութիւնը պիտի չառաջադրէ, եթէ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը որոշէ 2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին Զահլէի մէջ գործակցիլ նախկին նախարար Էլի Սքաֆի հետ:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերը անցեալ շաբաթավերջին ձերբակալեցին 92 յանցագործներ` ամբողջ Լիբանանի տարածքին իրենց գործադրած ապահովական խիստ հսկողութեան ընթացքին:
«ԼԻԲԱՆԱՆ ժամանած սուրիացի գաղթականներուն թիւը հետզհետէ կը բարձրանայ», յայտնեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչը:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Բրիտանիա որոշած է լիբանանեան բանակին զօրակցիլ եւ իբրեւ օժանդակութիւն լիբանանեան ծովուժին տրամադրել յածանաւեր եւ արդիական զէնքեր:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Մելակրոս Էռնանտոն, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, վտանգաւոր ծրագիր մը կայ հիւսիսային Լիբանանի Քալամուն շրջանէն մինչեւ Աքքար երկարող տարածքին վրայ ստեղծելու սիւննիական պետութիւն մը, որուն մէջ կ՛ապրին մէկուկէս միլիոն սիւննիներ: «Այս պատճառով իսկ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Պէյրութի, Սայտայի եւ Թրիփոլիի սիւննիական հեղինակութիւններէն պահանջեց պաշտօնազրկել հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանին», նշուեցաւ օրաթերթին մէջ:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ այս շաբթուան ընթացքին Պեքաայի մէջ գործադրուի ապահովական ծրագիր մը` վերջ տալու համար այդ շրջանին մէջ տիրող ապօրինութիւններուն եւ օրինազանցութիւններուն:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նաժահ Ուաքիմ շեշտեց, որ Ուրուկուէյի մէջ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի արտասանած խօսքը շատ վտանգաւոր ցուցանիշ մըն է այն իրողութեան համար, որ Լիբանան մօտեցած է սադրանքներու:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան փոխնախագահ Տորէյտ Եաղի յայտնեց, որ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը մերժելի է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Հըզպալլա պէտք է գործակցի լիբանանցիներուն եւ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին հետ
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի յայտնեց, որ կարելի չէ ընդունիլ այնպիսի օրէնք մը, որ Լիբանանը կը բաժնէ համայնքներու եւ յարանուանութիւններու: Այս յայտարարութեամբ ան կ՛ակնարկէր Լիբանանը 50 ընտրաշրջանի բաժնող ընտրական օրէնքին:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ շեշտեց, որ երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ կը հաստատէ, որ ինք Լիբանանի կառավարութեան մաս կը կազմէ, որովհետեւ կառավարութիւնն է, որ կ՛ապահովէ երկրին ապահովական կայունութիւնը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի անդամ երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ Հըզպալլա պատասխաններ հայթայթելու պատասխանատուութեան դէմ յանդիման կը գտնուի` նկատի ունենալով, որ բացայայտուած են փաստեր, որոնք կ՛ապացուցեն սպանութիւններու մասնակցելու իր մեղսակցութիւնը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ իրենք հարց չունին Լիբանանը փոքր ընտրաշրջաններու բաժնող ընտրական օրէնքին հետ, այլ իրենց հարցը այդ ընտրաշրջաններուն չափին հետ կապուած է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հըպէյշ յայտնեց, որ մինչեւ օրս ոչ մէկ համաձայնութիւն գոյացած է ընտրական օրինագիծի մը շուրջ:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կը պատրաստուին գումարելու խորհրդակցական ընդարձակ նիստ մը, որ տեղի պիտի ունենայ Փաղանգաւոր կուսակցութեան Սայֆիի կեդրոնին մէջ` հովանաւորութեամբ կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլի:
ԱՆՊԱՇՏՕՆ աղբիւրներու համաձայն, կը նախատեսուի, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յետս կոչէ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքին նկատմամբ իր յայտնած հաւանութիւնը:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի սպառնացած է բանակը պառակտել, եթէ Հըզպալլա երկրորդ 7 մայիսի մը ձեռնարկէ: Ըստ նոյն օրաթերթին, Հարիրի խոստացած է բանակին մաս կազմող սիւննի սպաներուն, աստիճանաւոր զինուորականներուն եւ զինուորներուն հրաժարելու կոչ ուղղել, եթէ Հըզպալլա Մուսթաքպալ հոսանքին շրջաններուն մէջ զինուորական գործողութիւններու նախաձեռնէ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա շեշտեց, որ կարելի չէ այլեւս ենթադրել, որ Դիմադրութեան զէնքը պարզապէս Լիբանանի պաշտպանութեան համար է:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի պիտի ջանայ մշակել ընտրական այնպիսի օրինագիծ մը, որ քաղաքական ոչ մէկ կողմի համար մարտահրաւէր ըլլայ: Նոյն օրաթերթը նշեց, որ այս նպատակով Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ կ՛ունենայ երեսփոխանական բոլոր պլոքներուն ներկայացուցիչներուն հետ` ընտրական օրէնքի մը շուրջ քաղաքական ուժերուն մօտ հասարակ յայտարարներ գտնելու նպատակով:
ՀԵՐՄԵԼԻ մէջ գտնուած են քարայր մը եւ հին գերեզմաններ: Լիբանանեան բանակը եւ ապահովութեան ուժերը ուղղուած են գտածոներուն վայրը` ընկերակցութեամբ հնախոյզերու:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ հանդիպում մը ունեցաւ նախկին նախարար Ֆարիտ Խազենի հետ: Քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի շեշտեց, որ ինք կը գործէ հանրային ծառայութեան մեկնակէտին վրայ հիմնուելով եւ ոչ թէ քաղաքական նկատառումներով:
ՊԱԱՍ կուսակցութեան նախագահ Ֆայեզ Շքըր յայտնեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքը Լիբանանի մէջ կրնայ քաղաքացիական պատերազմ բռնկեցնել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպարա յայտնեց, որ Հըզպալլա միջազգային ընտանիքը կը մղէ Լիբանանի դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելու:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուար Սահիլի յայտնեց, որ սիոնական ծրագիրներն են, որոնք կ՛օգտուին տարբեր կրօններուն միջեւ տիրող լարուած յարաբերութիւններէն:
- 0 Comments
- 10 views
- Tweet
Email
Print



