«Սուրիական Վարչակարգը Խելքը Գլուխը Թող Հաւաքէ Եւ Թող Դադրի Թուրքիոյ Եւ Անոր Ժողովուրդին Դէմ Թշնամական Արարքներ Կատարելէ» Կ՛ըսէ Էրտողան
By adminx - Tue Oct 09, 7:30 am
- 0 Comments
- 67 views
- Tweet
Email
Print
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան մաղթեց, որ «սուրիական վարչակարգը խելքը գլուխը հաւաքէ եւ դադրի Թուրքիոյ եւ անոր ժողովուրդին դէմ թշնամական արարքներ կատարելէ»: Ան ըսաւ, որ Թուրքիա պիտի շարունակէ սուրիացի ժողովուրդին աջակցիլ, մինչեւ որ վերջինս յաղթանակ արձանագրէ այն պատերազմին մէջ, որ կը մղէ ինքզինք, իր պատիւը եւ օրինական իրաւունքները պաշտպանելու համար:
Էրտողան հակադարձեց Թուրքիոյ խորհրդարանին կողմէ կառավարութեան տրուած լիազօրութեան դէմ ուղղուած թրքական ընդդիմութեան քննադատութեան` զարմանք յայտնելով այդ երեւոյթին առնչութեամբ: «Առնուազն պատրաստ ըլլանք եւ պատերազմ մղելու լիազօրութիւնը մեր ձեռքը ըլլայ, եւ եթէ պէտք ըլլայ պատերազմ մղելու, պէտք եղածը կ՛ընենք», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ իրենք իբրեւ կառավարութիւն «ընդդիմութենէն արտօնութիւն ստանալու համար անոր կարծիքին պիտի չսպասեն, որովհետեւ այդ հարցը իրենց քմահաճոյքէն կախեալ չէ»:
Թրքական բանակը երէկ Սուրիոյ մէջ ռմբակոծեց թիրախներ, երբ սուրիական կողմէն արձակուած հրասանդի հրթիռ մը Ալեքսանտրէթի մէջ ինկաւ:
Մինչ այդ, հազարաւոր ալեւիներ Անգարայի մէջ Սուրիոյ դէմ պատերազմը մերժող ցոյց մը կատարեցին:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն զգուշացուց թուրք-սուրիական սահմանին վրայ տիրող «չափազանց վտանգաւոր» կացութենէն եւ սուրիական տագնապին Լիբանանի վրայ ունենալիք ազդեցութենէն: Ան Սթրազպուրկի մէջ ըսաւ, որ «թուրք-սուրիական սահմանին վրայ տագնապին մագլցումը եւ սուրիական տագնապին Լիբանանի վրայ ունենալիք ազդեցութիւնը երկու չափազանց վտանգաւոր հարցեր են»:
Ան նշեց, որ «Սուրիոյ մէջ կացութիւնը ողբերգական ձեւով բարդացաւ եւ Սուրիոյ դրացիներուն ու ամբողջ շրջանի կայունութեան համար վտանգաւոր հարցեր կը ստեղծէ»:
Պան Քի Մուն սուրիական կառավարութեան եւ ընդդիմութեան օգտին զէնքի շարունակական հոսքին նկատմամբ «խոր մտահոգութիւն» յայտնեց եւ բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց բռնի ուժի կիրարկումէն դադրելու եւ դէպի քաղաքական լուծում ուղղուելու` շեշտելով, որ այդ մէկը տագնապին լուծման միակ ուղին է:
Մինչ այդ, դիւանագիտական բարձրաստիճան աղբիւր մը քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիա Գահիրէի յայտնած է, որ Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի առաջարկած Եգիպտոսէ, Սէուտական Արաբիայէ, Թուրքիայէ եւ Իրանէ բաղկացած քառանդամ յանձնախումբի կազմութեան եգիպտական նախաձեռնութենէն կը հեռանայ` նշելով, որ այդ նախաձեռնութեան շարունակումը ներկայիս անօգուտ է:
Աղբիւրը նշեց, որ Գահիրէի եւ Ռիատի միջեւ պատկերացումի տարբերութիւն գոյութիւն ունի, որովհետեւ թագաւորութիւնը Իրանը այդ տագնապին մաս կը նկատէ, ինչպէս նաեւ զայն սուրիացի ժողովուրդի արիւնահոսութեան ուղղակի պատասխանատու կը նկատէ, իսկ Եգիպտոս Իրանը տագնապի լուծման մէկ մասը կը նկատէ:
Ան նաեւ յայտնեց, որ թուրք-սուրիական յարաբերութեանց վերջին զարգացումները անպայման, պատճառ պիտի դառնան, որ Թուրքիա եւս հեռանայ եգիպտական նախաձեռնութենէն, մանաւանդ որ Անգարա սուրիական վարչակարգին աջակցութեան մէջ Իրանի դերակատարութեան նկատմամբ վերապահութիւն ունի:
Միւս կողմէ, Պաշշար Ասատը Ֆարուք Շարեհով փոխարինելու Թուրքիոյ առաջարկը սուրիական ընդդիմութեան շրջանակներուն մէջ արժանացաւ տարբեր մեկնաբանութեանց:
Սուրիոյ Ազգային խորհուրդի նախագահ Ապտել Պասեթ Սիտա յայտնեց, որ «նախագահ Պաշշար Ասատէն ետք Ֆարուք Շարեհի կողմէ իշխանութիւնը ստանձնելու հարցը քննարկումի հարց պիտի ըլլայ», իսկ խորհուրդի նախկին նախագահ Պուրհան Ղալիուն ըսաւ, որ «ընդդիմութիւնը արգելք չունի, որ Ասատի իշխանութենէն հեռանալէն ետք Շարեհ գլխաւորէ փոխանցման կառավարութիւնը»` աւելցնելով, որ այդ հարցը սուրիական ընդդիմութեան կողմէ, բացի կարգ մը կողմերու, շրջանառութեան մէջ դրուած եւ ընդունելի գաղափար մըն է:
Սուրիական ազատ բանակի քաղաքական հարցերով խորհրդական Պասսամ Տատա յայտարարեց, որ այդ գաղափարին դրական կը վերաբերի, սակայն ընդդիմութիւնը չ՛ուզեր Սուրիոյ մէջ Եմէնի իշխանափոխութեան բնորդի կրկնութիւնը տեսնել, որովհետեւ Եմէնի մէջ նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհին, մինչեւ իշխանութիւնը իր օգնականին փոխանցելը, երկար ժամանակ տրամադրուած էր: «Մենք կ՛ուզենք, որ անցումային փուլը մէկ վայրկեան առաջ իրականանայ: Մենք կը պահանջենք, որ Պաշշարը իշխանութիւնը անյապաղ փոխանցէ Ֆարուք Շարեհին: Մենք չենք ուզեր, որ Եմէնի նման նախագահին ժամանակ տրամադրուի», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ առաջարկը Արաբական լիկայինն է: Սուրիոյ Ազգային խորհուրդի անդամ Մոհամետ Սարմինի յայտնեց, որ փոխանցման կառավարութիւնը կրնան ղեկավարել միայն յեղափոխութեան գիծին մօտ գտնուող անձնաւորութիւններ, որոնց ձեռքերը արիւնով չէ ներկուած` աւելցնելով, որ Շարեհի անունը նախապէս առաջարկուած էր արաբական նախաձեռնութեան մէջ, սակայն այսօր կացութիւնը տարբեր է, եւ պէտք է այդ առաջարկը մանրամասն կերպով քննարկել:
Գահիրէի մէջ կազմուած Սուրիական յեղափոխութեան հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Հայսամ Մալեհ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին մերժեց թրքական առաջարկը, սակայն միեւնոյն ժամանակ նշեց, որ «կրնանք զայն ընդունիլ, եթէ սուրիական ընդդիմութեան եւ սուրիական հասարակութեան բոլոր կողմերը անոր համաձայն ըլլան, որովհետեւ մենք հաւաքականութեան հետ ենք»:
- 0 Comments
- 67 views
- Tweet
Email
Print



