Monday May 20, 2013

Իրանէն Թուրքիա Երկարող Քարիւղատար Խողովակաշարը Պայթեցուած Է

By adminx - Tue Oct 09, 7:27 am

Պայթեցուած խողովակաշարը

«ԻԹԱՌ-ԹԱՍՍ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ հարաւարեւելեան շրջանին մէջ պայթեցուած է Իրանէն Թուրքիա քարիւղ փոխադրող խողովակաշարը: Ըստ լրատու գործակալութեան, պայթումը ՔԱԿ-ի գործողութեան արարքն է, եւ ներկայիս խողովակաշարին վրայ վերանորոգման աշխատանքներ տեղի կ՛ունենան:

Աղբիւրը կը նշէ, որ ՔԱԿ-ի անդամները թրքական տարբեր շրջաններու մէջ կը շարունակեն յարձակումներ գործել: Վերջիններս ոչ միայն զինուորական թիրախներու դէմ կը յարձակին, այլ նաեւ բեռնատար ինքնաշարժներու վրայ, եւ կը պայթեցնեն կազատար խողովակաշարեր ու տնտեսական այլ թիրախներ:

 

Leave a Reply

Advertisement