Tuesday May 21, 2013

Սպանական 57 Քաղաքներու Մէջ Հազարաւոր Մարդիկ Ցոյց Կատարած Են` Պահանջելով Կառավարութեան Հրաժարականը

By adminx - Tue Oct 09, 7:24 am

«Եուրոմակ»` յղում կատարելով «Ռոյթըրզ»-ի, կը հաղորդէ, որ սպանական 57 քաղաքներու մէջ, ներառեալ` մայրաքաղաք Մատրիտի մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերուն մասնակցած են բազմահազար մարդիկ, որոնք դժգոհ են կառավարութեան կողմէ իրականացուող տնտեսական խիստ միջոցառումներէն:

Մատրիտի մէջ տեղի ունեցած ցոյցին մասնակցած են շուրջ 72 հազար քաղաքացիներ, որոնք պահանջած են կառավարութեան հրաժարականը եւ պիւտճէի ծրագիրի վերատեսութիւնը: Հանրաքուէ կատարելը մերժելու պարագային,  աշխատաւորական միութիւնները սպառնացած են ընդհանուր գործադուլի սկսիլ:

Ցուցարարները մասնաւորաբար բողոքած են հարկերու յաւելման, ինչպէս նաեւ առողջապահական, կրթական եւ ընկերային մարզերուն մէջ աշխատատեղերու զգալի կրճատման դէմ:

Ըստ գերմանական «Տէօչէ Վելէ»-ին, բողոքի ցոյցերուն մասնակցած են 150 աշխատաւորական միութիւններ, որոնք կարմիր դրօշներ բարձրացուցած` մեղադրած են պահպանողական կառավարութիւնը երկրին մէջ կենսամակարդակի վատթարացման համար:

 

Leave a Reply

Advertisement