Saturday May 18, 2013

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Վատիկանի Մէջ Տեղի Ունենալիք Եպիսկոպոսական Համաժողովին

By adminx - Tue Oct 09, 7:17 am

Երէկ առաւօտ Վատիկանի մէջ Պենետիկտոս ԺԶ. սրբազան պապին նախագահութեամբ բացումը կատարուեցաւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց համաժողովին: Համաժողովի քննարկումին նիւթն է «Նոր աւետարանչութիւն` ի խնդիր քրիստոնէական հաւատքի տարածման»:

Արդարեւ, շուրջ երեք շաբաթներու վրայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսները վերոյիշեալ նիւթը պիտի քննարկեն եւ համապատասխան որոշումներ պիտի տան:

Կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ եզակի այս համաժողովին իբրեւ դիտող մասնակցելու հրաւիրուած են շուրջ 15 ոչ կաթողիկէ եկեղեցիներ, որոնց կարգին նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը: Յանուն Ս. աթոռին եւ Արամ Ա. կաթողիկոսին յիշեալ համաժողովին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ կաթողիկոսարանի Միջեկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի փոխվարիչ Մասիս վրդ. Զօպույեան:

Leave a Reply

Advertisement