Հաղորդագրութիւն
By adminx - Tue Oct 09, 7:14 am
- 0 Comments
- 47 views
- Tweet
Email
Print
Լիբանանահայ օգնութեան խաչի մեծ ընտանիքը կիրակի, 7 հոկտեմբերին կորսնցուց Պէյրութի «Մեղրի» մասնաճիւղի վաստակաշատ անդամուհիներէն Եոլանտ Քերոբեան-Ճոմպալաքեանը, որ բովանդակ կեանքը ԼՕԽ-ի ճամբով իր ժողովուրդի ծառայութեան տրամադրելէ ետք, յետ մահու ծառայութեան օրինակ մըն ալ տուաւ, երբ իր ամբողջ ունեցուածքը կտակեց մարդասիրական մեր կազմակերպութեան` զայն տրամադրելու համար ծերերու, հիւանդներու, անօգնական պարագաներու եւ հայութեան կարօտեալ զաւակներու կարիքներուն:
Եոլանտ Ճոմպալաքեանի բարեգործութիւնը ապացոյցը տուաւ ԼՕԽ-ի հանդէպ անոր ունեցած մեծ հաւատքին ու գուրգուրանքին:
Աստուած յիշատակը անթառամ պահէ եւ ԼՕԽ-ին կտակած բարիքը բազմապատկուած ձեւով մեր ժողովուրդին բաշխէ:
ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
- 0 Comments
- 47 views
- Tweet
Email
Print



