Thursday Jun 20, 2013

Երբ Անկարելի Է Ստուգել Աղբիւրները . Սուրիոյ Քարոզչական Պատերազմը

By adminx - Tue Oct 09, 5:50 am

ԱՆԹՈՆԵՆ ԱՄԱՏՕ եւ ՄԱՐՔ ՏԸ ՄԻՐԱՄՈՆ

Սուրիոյ մէջ հակամարտող երկու կողմերը, նաեւ` Միջին Արեւելքի բոլոր ուժերը, դէպքերուն եւ տարաձայնութիւններուն գծով ձեռնածութիւններ կ՛ընեն, որպէսզի անոնք ներկայացուին իրենց նպատակներուն ծառայող ձեւով: Շօշափելի իրողութիւններու լրատուամիջոցներուն մատչելիութիւնը խստիւ սահմանափակուած է եւ ասիկա` լաւագոյն պարագային, որովհետեւ ընդհանրապէս մատչելի չեն: Արդէն զանգուածային լրատուամիջոցներուն մեծ մասն ալ կ՛ուզէ ունենալ պարզ, իր ունկնդիրներու հաճելի վարկած մը, եւ` անմիջապէս. ուրեմն ի՛նչ լաւ է,  որ զայն տրամադրող մը կայ…

«Լը Ֆիկարօ» նախանցեալ ամիս հաղորդեց, որ Սուրիոյ քիմիական զէնքերը «վերահսկողութեան տակ են», եւ` «Միացեալ Նահանգներ յատուկ ուժեր ուղարկած եւ տեղակայուած են` կանխարգիլելու համար այդ զէնքերու գործածութիւնը»: Յորդանանի մէջ գործող դիւանագէտ մըն ալ զգուշացուց, որ` «քիմիական զէնքերու սպառնալիքն է, որ կրնայ շղթայազերծել ամերիկեան զինուորական սեղմ եւ նպատակաուղղուած միջամտութիւն մը»: Քանի մը մանրամասնութիւն աւելցուր կամ պակսեցուր, եւ առջեւդ պիտի տեսնես նոյն այն բեմագրութիւնը, որ Պաղտատի համար բեմականացուեցաւ 10 տարիներ առաջ:

Պեռնար Հենրի Լեւի

Արդեօ՞ք Պաշշար Ասատ կը պատրաստուի իր հակառակորդներուն վրայ արձակելու զանգուածային կործանումի զէնքեր:  Որոշ ատենէ մը ի վեր այս պնդումները շրջան կ՛ընեն: Պեռնար Հենրի Լեւիի կայքէջը  անցեալ սեպտեմբերին հաղորդեց, որ` «Ասատի մարդասպանները Ռասթան շրջանին վրայ օդային յարձակումներու ընթացքին արձակեցին թունաւոր կազեր»:

«Ա. Էֆ. Փէ.» (Ֆրանսական լրատու գործակալութիւնը) զգուշաւոր ոճով 27 յուլիսին հաղորդեց, որ այսպիսի պնդումներ լսած է`  «Համա նահանգի տասնեակէ մը աւելի բնակիչներէ: Բայց հակառակ շաբաթներ տեւած հետազօտութեան` ոչ մէկ ապստամբ կամ ցեղախումբի ղեկավար, բժիշկ, կռուող կամ քաղաքային յաջողած է ներկայացնել շօշափելի եւ անհերքելի ապացոյց»: Գործակալութիւնը եզրափակեց` նկատել տալով, որ` «Սուրիոյ մէջ պատերազմը նաեւ տեղեկատուութեան եւ ապատեղեկատուութեան պատերազմ է»:

Հետեւող դէտերէն ոմանք կ՛ըսեն, որ «բառերու պատերազմ»-ը սկսած է 29  յունուարին, Թուիթըրի «@damascustweets» հաշիւին վրայ, որ կը պատկանի «ընդդիմութեան հետ սերտ կապեր ունեցող գործիչներու»: Թուիթըրի այդ հաշիւը պնդեց, որ Ասատ փախուստ տուած է երկրէն: Ըստ այդ հաղորդումին, Սուրիոյ «ազատ» բանակը պաշարած է նախագահական պալատը եւ անկիւն քշած է բռնատէրը, որ փորձ մը կատարեց հասնելու միջազգային օդակայան եւ իր կնոջ ու զաւակներուն հետ երթալու Մոսկուա: Թէեւ անստուգելի, բայց այս տարաձայնութիւնը «հիմքէ զուրկ չէ», ըսաւ «Լը Նուվել Օպսերվաթէօր»-ին կայքէջը: Նոյն աղբիւրը ըսաւ, որ «Պի. Պի. Սի.»-ի Միջին Արեւելքի թղթակից Ճերըմի Պօուըն կ՛ըսէ, որ «ազատ» բանակը Ասատի նախագահական պալատէն կէս ժամ հեռու է, եւ այս զինուորական յաջողութիւնը կրնայ բռնատէրը փախուստի մղել:

Յուլիս 18-ին ապստամբները շղթայազերծեցին նոր յարձակում մը, որ Դամասկոսի մէջ աննախընթաց բախումներ պատճառեց: Ռումբ մը պայթեցաւ Սուրիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի կեդրոնատեղիէն ներս` խլելով բազմաթիւ զոհեր, որոնց շարքին` պաշտպանութեան նախարարն ու Ասատին քեռայրը` զօր. Ասեֆ Շաուքաթ: Ֆրանսական պատկերասփիւռի լրատուական կայանները հիւրընկալեցին ընդդիմադիր անձնաւորութիւններ, որոնց մեծ մասը Սուրիոյ ազգային խորհուրդի անդամներն են: Ասոնք ուղղակի հաղորդումով տեղակայուող դէպքերուն մասին մեկնաբանութիւններ կ՛ընէին: «Վարչակարգին օրերը համրուած են, անիկա կրնայ տապալիլ նոյնիսկ քանի մը ժամէն: Կրնանք ըսել, որ անոր վերջին սկիզբն է», ըսաւ Ռանտա Քասիս, նախագահ` Աշխարհիկ եւ ժողովրդավարական սուրիացիներու քոալիսիոնին, որ իր կարգին անդամ է Սուրիական ազգային խորհուրդին: Այլ օրինակ մը. ինքնութիւնը չբացայայտած աղբիւր մը «Տը Կարտիըն»-ին ըսաւ, որ նոյնինքն նախագահ Ասատ վերացուած է այդ ականահարումին, եւ անոր կինը անմիջապէս մեկնած է Մոսկուա: Թէ՛ Սուրիոյ «ազատ» բանակը, թէ՛ փոքր իսլամական խմբակ մը ստանձնեցին արարքին պատասխանատուութիւնը, մինչ պետական կառոյցները նկատեցին «օտար ուժեր»-ու մատնահետքերը (Թուրքիա, Քաթար կամ Սէուտական Արաբիա), որոնք զօրավիգ կը կանգնին ընդդիմութեան բանակին:

Յուլիս 20-ի առաւօտուն «Ա. Էֆ. Փէ.» հաղորդեց, որ Ասատ, թէեւ չէ վիրաւորուած, ընդունած է մեկնիլ երկրէն երկու օր ետք, «բայց` քաղաքակիրթ ձեւով»: Կէս ժամ ետք «Ռոյթըրզ» հաստատեց այս տեղեկութիւնը` զայն վերագրելով Փարիզի մէջ Ռուսիոյ դեսպանին` «Ռատիօ Ֆրանս էնթերնասիոնալ»-ին տրուած հարցազրոյցին: Բայց դեսպանը Ասատին մեկնումը չէր յայտարարած, այլ յիշեցուցած էր,  որ Ժընեւի մէջ յունիս 30-ին Սուրիոյ պետութիւնը յանձն առած էր ընթանալ դէպի աւելի ժողովրդավարական վարչաձեւ:

Չհաղորդուած Լրատուական Պատերազմը

Աւստրիոյ կարեւորագոյն օրաթերթը՝ Հալէպի մասին…

Մարտ 2011-ին ծայր առաւ Սուրիոյ մէջ ժողովրդավարական բարեկարգումներ պահանջող ժողովրդային շարժում մը, որ ենթարկուեցաւ ճնշումի: Բայց ասոր կողքին, կը մղուի նաեւ լրատուական պատերազմ մը, որ ի տարբերութիւն առաջինին` ընդհանրապէս չի հաղորդուիր Արեւմուտքի լրատուական հաստատութիւններուն կողմէ: Ճիշդ է, որ Սուրիոյ վարչակարգը առատօրէն մուտքի արտօնագիր չի շնորհեր: Նոյնքան ճիշդ է, որ դժուար է գետնի վրայ ըլլալ եւ իրարմէ զանազանել ճշմարիտ եւ մտացածին տեղեկութիւնները: Բայց հարցը ասկէ աւելի մեծ է:

Գրեթէ բոլոր այն լրագրողները, որոնք իրենց կեանքը վտանգելով յաջողեցան միանալ ապստամբներուն, կը հետեւին Սուրիոյ «ազատ» բանակի վարկածին: Անոնց հաղորդումները անշեղօրէն կը հետեւին «ազատ» բանակին եւ անոր թուրք, սէուտցի եւ քաթարցի արմատներուն կամ ճիւղերուն ճշդած պատմութեան, թէ` բարբարոս եւ արիւնարբու վարչակարգ մը կը ճզմէ խաղաղ ցոյցեր, իսկ ցուցարարները կը պաշտպանեն ժողովրդավարութեան կողմնակից զինեալներ, որոնք շատ քաջ են, բայց անբաւարար են անոնց զէնքերը, զինամթերքն ու բժշկական սարքերը:

Անակնկալ չէ, որ սուրիական իշխանութիւններու հրաւէրին ընդառաջած սակաւաթիւ լրագրողները հիմնովին տարբեր պատկեր մը կը հաղորդեն. հիւանդանոցներու դիարաններուն մէջ դիզուած զինուորներու տանջամահ ու սոսկալիօրէն հաշմուած դիակներ, ալեւի եւ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններ, որոնք ահաբեկումի կ՛ենթարկուին զինեալ հրոսակներէ, որոնք ոչ թէ ազատագրումի, այլ կրօնական պատերազմ կը  մղեն Ծոցի քարիւղ արտադրող թագաւորութիւններուն նեցուկով:

Ընդդիմադիրներուն բանակը նեղ կացութեան մատնուեցաւ, որովհետեւ հաստատուեցաւ այն իրողութիւնը, թէ Սուրիոյ մէջ կը գործեն ժիհատական խմբակներ, որոնցմէ ոմանք չեն թաքցներ «Քայիտա»-ի հետ իրենց կապը, բայց ասիկա նոյնիսկ շրջանցելի դուրս եկաւ: Այսպէս, «Լիպերասիոն» օգոստոս 6-ին պնդեց, որ անհրաժեշտ է օգնել ապստամբներուն, «եւ քաղաքական ու զինուորական օժանդակութիւնը հիմնաւորելու համար բաւարար է ըսել, որ այդ ձեւով միայն կարելի է խուսափիլ գետնի վրայ եւ վերջնական յաղթանակը իսլամականներուն ձգելէ»:

Իսլամական ցորենը «ժիհատական» յարդէն անջատելը շատ դժուար է: Օրինակի համար, Ապու Հաժժարը «մուժահետիններէն մէկն է, որ չորս ամիս առաջ Փարիզէն մեկնեցաւ` մասնակցելու Ասատի վարչակարգին դէմ ապստամբութեան»: Ան ինքնիր մասին կ՛ըսէ, որ` «իսլամական զինեալ գործիչ մըն է, բայց  Քայիտայի կապուած ժիհատական մը չէ»: «Լը Ֆիկարօ», որ իր ընթերցողներուն յօդուածով մը ներկայացուց Ապու Հաժժարը, անկէ քաղելով` հաւաստեց, որ ալեւի եւ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնները, որոնց մեծամասնութիւնը զօրավիգ կը կանգնի Ասատի վարչակարգին, ապագային ներկայացուած պիտի ըլլան «ազատ» Սուրիոյ խորհրդարանին մէջ: «Լը Ֆիկարօ» ըսաւ, որ այս անձը Սարժեհ գիւղին մէջ հիմնած է կրօնական քարոզչութեան կեդրոն մը, ուր կը քարոզէ եւ կը բաժնէ Ապու Թայիմիյայի արգիլուած գիրքերը: Ապու Թայիմիյա ժիհատի հռչակաւոր տեսաբան մըն է: Անշուշտ, «Լը Ֆիկարօ» մերժեց անդրադառնալ այն իրողութեան, որ ինքնիրեն կրօնական հանգամանք տուած Ապու Հաժժարը նաեւ հրապարակած է Ֆաթուա մը, որ կը հրամայէ սրբազան պատերազմ մղել ալեւիներուն դէմ:

Բայց այսպիսի մանրամասնութիւններ ոչինչով կը փոխեն սուրիական ողբերգութեան ընդհանուր պատմութիւնը: Այդ պատմութեան կը տիրապետեն քանի մը նախագուսան եւ քանի մը դէպք միայն` Հոմսի շրջափակումը, Հուլայի ջարդը, լրագրողներ Մարի Քոլվենի, Ռեմի Էլչիքի եւ Ժիլ Ժաքիէի մահը (այժմ ի յայտ եկաւ, որ վերջինը սպաննուած է ապստամբներու կրակոցով):

Հակամարտութեան լուրերու հաղորդումը վերապահուած է քանի մը մեծ դերակատարներու, Միջին Արեւելքի արբանեակային պատկերասփիւռի գլխաւոր լրատուական կայաններուն` «Արապիյա»-ի եւ «Ժազիրա»-ին: Ասոնց սեփականատէրերը Սէուտական Արաբիան ու Քաթարն են, Արաբական լիկայի ծանրակշիռ անդամները: Արդէն լիկան ալ վերածուած է Ծոցի դիւանագիտութեան բանբերի: Այս բացարձակ թագաւորութիւնները, որոնք «ազատութիւն» կը տարածեն դրացիներուն մօտ, զուրկ են ժողովրդավարական օրինականութեան նուազագոյն չափէն իսկ:

Անոնք շրջանային պաղ պատերազմ կը մղեն Սուրիոյ դէմ, որ իրենց կարծիքով, վերջին արաբական երկիրն է «շիա մահիկ»-ին մէջ. իսկ Պէյրութէն Պաղտատ երկարող այդ «մահիկը» կ՛ամբաստանուի Պահրէյնը ապակայունացնելու յանցանքով:

 

«Լը Մոնտ»

 

(Շար. 1)

Leave a Reply

Advertisement