«Ռոյթըրզ» Կ՛անդրադառնայ Ղարաբաղեան Հակամարտութեան
By adminx - Tue Oct 09, 5:46 am
- 0 Comments
- 39 views
- Tweet
Email
Print
«Սահմանի վրայ քանի մը մեթր փորուած փոշոտ եւ խոր խրամատները քեզ այնքա՛ն հեռուն կը տանին, որքան աչքդ կը տեսնէ». այսպէս կը սկսի «Ռոյթըրզ» միջազգային լրատուական գործակալութեան յօդուածը` նուիրուած Ազրպէյճան-Հայաստան յարաբերութիւններուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան:
«Գլուխդ քիչ մը վեր բարձրացնելուդ պէս, անոնք անմիջապէս կը կրակեն վրադ: Մեզմէ 400 մեթր հեռու գտնուող ազրպէյճանցի արձակազէնները կը սպասեն նման յարմար պահերու», կը մէջբերուին երիտասարդ հայ զինուորին խօսքերը:
Գործակալութիւնը կը նշէ, որ երկու կողմերը անընդմէջ «փամփուշտային խաղեր»-ու մէջ են: «Զինադադարի խախտումի դէպքերը պարբերական բնոյթ ունին սահմանին վրայ», կը գրէ «Ռոյթըրզ», որ նաեւ կ՛անդրադառնայ ոճրագործ Սաֆարովի ազատ արձակելու որոշումին պատճառած տագնապին:
«Ազրպէյճանի տարեկան ռազմական ծախսերը կը գերազանցեն Հայաստանի ամբողջ ամավարկին, սակայն Հայաստան նախազգուշացուցած է, որ որեւէ յարձակում պիտի ունենայ իր համարժէք պատասխանը», կը նշէ գործակալութիւնը, որ գրած է նաեւ Արցախի պատերազմէն ետք Պաքու ապաստանած ազրպէյճանցիի մը դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին:
«Ամերիկա երթալու համար բոլոր փաստաթուղթերս պատրաստ էին, սակայն որոշեցի չգնալ: Այստեղ հրաշալի է: Նայէք ձեր շուրջը, շնչէք մաքրամաքուր օդը: Ի դէպ, մենք պատրաստ ենք կրկին կռիւ տալու ազրպէյճանցիների դէմ, եթէ դրա պէտք ըլլայ», կը մէջբերուի Ստեփանակերտի բնակիչ Սամուէլ Գաբրիէլեանի խօսքերը: «Պատերազմի ընթացքին քանդուած շինութիւններուն տեղը արդէն իսկ վերակառուցուած թաղամասեր կան` գեղեցիկ շէնքերով», կ՛աւելցնէ գործակալութիւնը:
- 0 Comments
- 39 views
- Tweet
Email
Print



