Tuesday May 21, 2013

50 Տարի Առաջ ( 9 Հոկտեմբեր 1962 )

By adminx - Tue Oct 09, 5:31 am

Գիտական Նորութիւններ

Կաթը` Այրուցքի Դեղ

Անգլիացի գիտնական մը փորձով հաստատած է, թէ կաթը շատ օգտակար կ՛ըլլայ այրուցքներու պարագային, մանաւանդ երբ մարմնին այրած մասը ամբողջութեամբ դրուի կաթի մէջ ու հոն ձգուի մինչեւ ցաւին անհետանալը:

Ամուլ Զոյգերուն

Ամերիկացի փրոֆեսէօր տոքթ. Քարլ Հելլըր վերջերս յայտարարած է, թէ Նոէրթանթալոն կոչուող դեղը, որ յղութեան դէմ գործածուելու համար պատրաստուած էր, փորձերով հաստատուած է, թէ սքանչելի դեղ մըն է, որ ամուլ զոյգերուն զաւակ ունենալու կը նպաստէ:

Տոքթ. Հելլըր յայտարարած է, թէ Փրոպեսթին դեղն ալ նոյն արդիւնքը կու տայ:

Փենիսիլինի Նոր Տեսակներ

Անգլիացի գիտնականներ հնարած են փենիսիլինի երեք նոր տեսակներ, որ բժիշկներուն պիտի օգնեն մանրէներու դէմ իրենց պայքարը աւելի լաւ մղելու համար: Նոր փենիսիլինները ենթապատրաստութիւնն են բուն փենիսիլինին, այսինքն շինուած են առաջինէն աւելցած անպէտ նիւթէն: Անոնց գիտական անուններն են` Ազդակ 1,2,3: Ազդակ 1-ը` շատ լաւ արդիւնքներ տուած է շնչառական գործարաններու հիւանդութեանց ծնունդ տուող մանրէներու դէմ: Ազդակ 2-ը եւ 1-ը` կարգ մը մանրէներու դէմ աւելի արդիւնաւէտ պայքարած են, քան` բուն փենիսիլինը: Ազդակ 3-ը շատ լաւ արդիւնքներ տուած է շնչառական գործարաններու հիւանդութեանց դէմ (հարբուխ, եւ այլն):

Այս նոր փենիսիլիններէն ալ հարիւրաւոր անթիպիոթիքներ կրնան պատրաստուիլ:

Ձկան Իւղի Չափը

Մանուկներու հիւանդութեանց ֆրանսացի մասնագէտ տոքթ. Լոմպելիկի համաձայն, պզտիկներուն օրական միայն 2-3 դգալ ձկան իւղը բաւական է: Որեւէ պատճառ չկայ ասկէ աւելի տալու: Երբ ասկէ աւելի տրուի, կրնայ ըլլալ, որ վնասէ մարսողական դրութեան եւ փորհարութիւն պատճառէ: Տոքթ. Լոմպելիի համաձայն, կարեւորը այն է, որ տղան շարունակ եւ առանց դադարի առնէ ձկան իւղի ամէնօրեայ չափը:

Յիմարութեան Դէմ

Անգլիացի գիտնական մը` տոքթ. Ասմոնթ, պրազիլական բոյսի մը հիւթը խմելով, իր վրայ վաղանցուկ յիմարութեան տագնապ մը ստեղծած է: Այս փորձէն ետք, տոքթ. Ասմոնթ յաջողած է պատրաստել հակադեղ մը, որ առաջնակարգ դեղ մըն է մտային հիւանդութեանց ամէնէն ահաւորին` խելագարութեան դէմ եւ գլխաւորաբար Պէ. կենսանիւթ կը պարունակէ:

Մելամաղձոտութեան Դէմ Նոր Դեղ

Զուիցերիոյ մէջ պատրաստուած է Ռօ 4-1575 անունով ազդեցիկ դեղ մը` մելամաղձոտութեան եւ ջղասպառութեան դէմ: Այս նոր դեղը ոչ մէկ բարդութիւն կը պատճառէ Իմիփրոմին Ա.-ին նման:

Կաղամբի Հիւթը Եւ Շաքարախտը

Ֆրանսացի գիտնականներ կաղամբի ալքոլակիր հիւթէն պատրաստած են հեղուկ մը, զոր նապաստակներուն տալով` տեսած են, որ անոնց արեան մէջ գտնուող շաքարին քանակը նուազած է: Անոնք այս հեղուկը պիտի փորձեն նաեւ մարդոց վրայ:

Ամէն պարագայի, շաքարախտէ տառապողները պէտք չէ անտես առնեն կաղամբը:

Ս. Օ.

 

Հայկական Կեանք

Տոքթ. Գ. Կէրկէրեան Եւրոպա Մեկնեցաւ

Աչքի, քթի, ականջի եւ կոկորդի յայտնի մասնագէտ, բժշկապետ տոքթ. Գէորգ Կէրկէրեան երէկ` ուրբաթ, օդի ճամբով մեկնեցաւ Եւրոպա, ուր պիտի մնայ մօտ մէկ ամիս: Փարիզի մէջ յարգելի բժիշկը պիտի մասնակցի բժշկական համաժողովի գիտական աշխատանքներուն:

 

Իրանի Աղէտեալները Եւ ՀՕՄ-ը

1000 Տոլար Եւ Զգեստեղէն Կը Ղրկէ
Շարժի Աղէտեալներուն

«Հայրենիք»-ի մէջ կը կարդանք.-

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը, անմիջապէս որ տեղեկացաւ Իրանի երկրաշարժի աղէտն ու աղէտեալներու օգնութեան կարօտութիւնը, վշտակցութեան հեռագիր մը ղրկեց Թեհրան, Ազգ. առաջնորդարան, ըսելով.

«Մեր խոր վշտակցութիւնը կը յայտնենք երկրաշարժի աղէտին համար: Կը սպասենք հոգատար մարմինի հասցէին»:

Պատասխանը նոր ստացուած է Թեհրանի առաջնորդարանէն, որ շնորհակալութիւն յայտնած է:

Այս առթիւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը իր վերջին նիստին որոշած է 1000 տոլարով օգնութեան հասնիլ` խոստանալով նաեւ շուտով զգեստեղէն ղրկել:

Լենինի Շուքին Տակ

Արարողութեանց սրահին մէջ զոյգերը դիրք կը գրաւեն կեդրոնը (մէջտեղը) կարմիր գորգի մը վրայ: Իրենց դէմ կին մը, ոտքի կեցած իրենց կը յիշեցնէ ամուսնացած համայնավարներու պարտականութիւնները: Պաշտօնական լուսանկարիչը մեքենան կը բարձրացնէ եւ տեղական սովետի ներկայացուցիչ մը մատանիները կը փոխանակէ: Պատերուն վրայ զանազան նշանախօսքեր կան, ինչպէս` «Նախանձը քաղքենի վարչաձեւի ժառանգութիւն է», «Ամէն երիտասարդ կին պէտք է հերոսուհի մայր մը ըլլայ» եւ այլն, մինչ սեղանի ետին Լենինի մէկ կիսանդրին կը հաստատէ խօսքին ճիշդ ըլլալը: Ամուսնացեալ զոյգը կը համբուրուի, արձանագրութեանց տոմարին մէջ կը ստորագրէ եւ դուրս կ՛ելլէ, որպէսզի կարգը ուրիշներու գայ:

 

Leave a Reply

Advertisement