Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
By adminx - Tue Oct 09, 5:30 am
- 0 Comments
- 74 views
- Tweet
Email
Print
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Բարեսիրութիւն մը պիտի կատարէք կարիքաւոր անձի մը, ան երախտագէտ պիտի ըլլայ, որովհետեւ պիտի փրկուի լքուած ըլլալու տագնապէն:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Այսօր կատարեցէք ձեր սրտին ուզած աշխատանքը, կապ պահեցէք բարեկամներու հետ, որպէսզի օրը անցնի շահաբեր եւ ընկերային:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր ոտքերը գետին դրէք, որպէսզի կարենաք համերաշխ քայլեր առնել օրուան պահանջին հետ: Այլ ձեւով չէք կրնար ձեր կեանքը դասաւորել:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Միայն ձեր մասին մի՛ մտածէք, ձեր շուրջը կան հարազատներ, բարեկամներ եւ կարիքաւոր անձեր: Ձեզմէ տկարներուն մասին մտածեցէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Գոհունակութիւնը մարդկային առաքինութիւն մըն է: Եթէ ձեր շուրջը նկատէք նախանձոտ մարդիկ, կարեւորութիւն մի՛ տաք, շարունակեցէք ձեր գործերը:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Դժուարութիւններու դիմաց ընկրկելու ժամանակը չէ: Ապաւինեցէք ձեր ինքնավստահութեան, որով պիտի կարենաք շրջանցել տագնապը:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Հեռու մի՛ մնաք ընկերային կեանքէ: Ուրախութիւն մը պիտի ունենաք` միանալու նոր դէմքերու, որոնց ներկայութիւնը պիտի քաջալերէ ձեզ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Նուէր մը ստանալու պարագային անպայման դուք ձեզ պարտաւոր մի՛ զգաք փոխադարձելու: Սպասեցէք յարմար առիթի: Օրը բախտաբեր է:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Մի՛ արհամարհէք ոեւէ մէկուն կարողութիւնը կամ կարծիքը: Դուք ունիք ձեր սեփական տեսակէտը, ջանացէք երկխօսութեամբ համաձայնիլ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Եթէ տեսնէք իրարու հակառակ, վիճաբանող անձեր, ջանացէք բարի եւ հանդարտեցնող խօսքերով զանոնք լռեցնել` առանց կողմնակալ ըլլալու:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Հեռու վայրեր ապրող բարեկամներ ձեզ պիտի ուղարկեն նուէր մը, կապ պիտի հաստատէք անոնց հետ եւ պիտի փոխանցէք ձեր նորութիւնները:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Խնճոյքի մը պիտի հրաւիրուիք, դրական պատասխան տուէք: Պիտի ուրախանաք, որովհետեւ մթնոլորտը ձեր ճաշակին պիտի յարմարի: Օրը յաջող է:
- 0 Comments
- 74 views
- Tweet
Email
Print



