Աւարտեցաւ Լրագրողներու Համահայկական 6¬րդ Համաժողովը` Հայաստանի, Հայութեան Եւ Հայ Դատի Համազգային Շահերուն Ի Խնդիր Ծառայելու Առաջադրանքով
By adminx - Mon Oct 08, 7:47 am
- 0 Comments
- 246 views
- Tweet
Email
Print
6 հոկտեմբերին եզրափակուեցաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած «Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ» խորագիրը կրող Լրագրողների համահայկական 6-րդ համաժողովը: Համաժողովի մասնակիցները Աղաւնաձորի մէջ եզրափակեցին ժողովը եւ հրապարակեցին յայտարարութիւն մը, զոր ամբողջութեամբ կը հրատարակենք յառաջիկային: Ապա անոնք առիթը ունեցան այցելելու Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարման կարեւորագոյն կառոյցները եւ ծանօթանալու Հայաստանի օրէնսդիր եւ գործադիր մարմինների գործունէութեան: Լրագրողներուն կ՛ընկերակցէր սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, որ երեք տարբեր կառոյցներ տրուած այցելութեան ընթացքին արտասանած ողջոյնի եւ շնորհակալական խօսքին մէջ ամփոփ ձեւով անդրադարձաւ լրագրողներու համաժողովի գործունէութեան:
Արդարեւ, աշխարհի չորս ծագերէն, Հայաստանի մէջ համախմբուած լրագրողները այցելեցին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւն եւ հանդիպում ունեցան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի հետ: Ողջունելով զանոնք` նախարարը բարձր գնահատեց սփիւռքահայ լրագրողներու աւանդը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հայկական տարբեր հարցերու հետապնդման իմաստով: «Կը կարծեմ, որ այս համաժողովը մեծ կարեւորութիւն ունի: Ցեղասպանութեան ճանաչումը մեր ժողովուրդին եւ հանրապետութեան ղեկավարութեան առաջնահերթ հարցերէն է: Անիկա ո՛չ միայն անհրաժեշտ է լոկ մեր ժողովուրդին, այլ նաեւ համայն հանրութեան` այսօր եւ հետագային նմանաբնոյթ ոճրագործութիւններէ խուսափելու համար», նշեց Ս. Օհանեան:
Խօսելով Հայաստանի զինեալ ուժերու մարտունակութեան մասին` Սէյրան Օհանեան հաստատեց, որ աշխատանք կը տարուի ունենալու պատրաստ ու չափազանց մրցունակ բանակ, որ կարողութիւն ունի իր դիմաց դրուած բոլոր մարտահրաւէրները շրջանցելու եւ որեւէ կացութեան հակազդելու: Ան կոչ ուղղեց աշխարհասփիւռ լրագրողներուն գործելու այնպէս, որ նպաստեն Հայաստանի պաշտպանութեան համակարգի ամրապնդման` դիտել տալով, թէ ներկայիս Հայաստանի դիմագրաւած դժուար վիճակին դէմ յանդիման կանգնելու եւ խոչընդոտները յաղթահարելու իմաստով մեծ է լրագրողներուն դերակատարութիւնը:
Հանդիպումը եզրափակուեցաւ պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութեամբ: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի կողմէ կարգ մը լրագրողներ եւ լրատուամիջոցներու ղեկավարներ արժանացան գերատեսչական մետալներու եւ պատուոյ գիրերու: Մետալներ ստացողներուն կարգին էր «Ազդակ»-ի տնօրէնը:
Ապա լրագրողները այցելեցին Հայաստանի Ազգային ժողով, ուր զիրենք ընդունեց Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով, որ կարեւոր նկատելով սփիւռքեան մամուլի դերը սփիւռքի մէջ ապրողներուն աշխարհայեացքի ձեւաւորման ծիրին մէջ` դիտել տուաւ, թէ բազմաթիւ հերոսներ սփիւռքեան մամուլին շնորհիւ դաստիարակուած են իբրեւ հերոս: «Այսօր բազմաթիւ են մարտահրաւէրները, եւ մենք միասնական պէտք է ըլլանք` դիմակայելու զանոնք եւ հասնելու Հայոց ցեղասպանութեան եւ ժխտողականութեան դատապարտման», նշեց Է. Շարմազանով` դիտել տալով, որ սփիւռքի լրատուամիջոցները ազգային ոգիի, լեզուի ու մշակոյթի պահպանման, համահայկական խնդիրները նաեւ միջազգային հանրութեան պատշաճ կերպով ներկայացնելու իմաստով մեծ ներդրում ունին: Ան ներկայացուց Ազգային ժողովի կառուցուածքն ու օրէնսդիր մարմնի գործունէութեան ուղղութիւնները:
Անկէ ետք լրագրողները ուղղուեցան արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր շուրջ երկու ժամ տեւողութեամբ հանդիպում ունեցան նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ, որ նշեց, թէ սփիւռքահայ լրատուամիջոցները մեծ դեր ունին հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման, ինչպէս նաեւ սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան աշխատանքներուն մէջ:
Պատասխանելով լրագրողների հարցումներուն` արտաքին գործոց նախարարը ներկայացուց արցախեան հիմնախնդիրի հանգուցալուծման հոլովոյթը, Հայաստանի շրջանային քաղաքականութիւնը, Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները, հայ-ամերիկեան բարեկամական գործընկերութիւնը, եւրոպական ընտանիքին մերձեցման քաղաքականութիւնը, արաբական, ասիական, լատինամերիկեան երկիրներու հետ յարաբերութիւններու զարգացման նպատակով ձեռնարկուող քայլերը, միջազգային օրակարգի խնդիրներուն վերաբերեալ Հայաստանի մօտեցումները, Հայաստանի դերակատարութիւնը տարբեր միջազգային կառոյցներու մէջ:
- 0 Comments
- 246 views
- Tweet
Email
Print






