Օսկանեան Այսօր Պէտք Է Ներկայանայ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւն Եւ Մեղադրանք Ստանայ
By adminx - Mon Oct 08, 7:41 am
- 0 Comments
- 85 views
- Tweet
Email
Print
Վարդան Օսկանեան ծանուցագիր ստացած է, որուն հիմամբ ան այսօր պէտք է ներկայանայ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն եւ ստանայ իր մեղադրանքը: Այս մասին կը հաղորդէ pastinfo.am-ը:
Ծանուցագիրին մէջ ըսուած է` «Հայաստանի Հանրապետութեան քրէական դատարանի օրէնքի 153-րդ յօդուածին համաձայն նշանակուած ժամկէտին ներկայանալուն խոչընդոտող յարգելի պատճառներու առկայութեան մասին պարտաւոր էք նախապէս տեղեակ պահել քննութիւնը, հակառակ պարագային կրնաք բերման ենթարկուիլ հարկադիր կարգով»:
Նշենք, որ 2 հոկտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը հաստատեց Հայաստանի ընդհանուր դատախազ Աղուան Յովսէփեանի ներկայացուցած` Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան անդամ Վարդան Օսկանեանը պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէն զրկելու միջնորդագիրը:
- 0 Comments
- 85 views
- Tweet
Email
Print



