Thursday Jun 20, 2013

Թուրքիա Վանի Վարագայ Վանքը Պիտի Վերանորոգէ Եւ Թանգարանի Վերածէ

By adminx - Mon Oct 08, 7:41 am

Վարագայ վանքը

«Ակօս» շաբաթաթերթը կը հաղորդէ, որ Վանի նահանգապետը որոշած է վերանորոգել Վարագայ վանքը:

«Ակօս»-ի աղբիւրներուն հաւաստումով,  նահանգապետարանը արդէն պատրաստած է վանքի վերակառուցման նախագիծը, իսկ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը հաստատած է պիւտճէն:

Նահանգապետարանի պաշտօնեաները վանական համալիրի վերջնական ուսումնասիրութենէն ետք կը պատրաստուին կապուիլ Ալթայլը ընտանիքին հետ, որ եկեղեցւոյ «սեփականատէր»-ը կը նկատուի եւ սկսած է անոնց հետ բանակցութիւններ վարել:

Եթէ ամէն ինչ այս ձեւով ընթանայ` Վարագայ վանքի վանական համալիրը Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ նման պիտի վերածուի թանգարանի եւ պիտի մնայ Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութեան վերահսկողութեան տակ:

Յիշեցնենք, որ վերջերս վանական համալիրին շուրջ Թուրքիոյ մէջ աղմուկ բարձրացած էր: Ի յայտ եկած էր, որ փլուզման վտանգին առջեւ կանգնած եկեղեցին վերանորոգել կարելի չէ, որովհետեւ անիկա անձնական սեփականութիւն կը նկատուի եւ կը պատկանի «Հապերթիւրք»-ի խմբագիր Ֆաթիհ Ալթայլըին:

Վերջինիս դէմ տեղի ունեցած են բազմաթիւ բողոքի ցոյցեր, որոնցմէ ետք ան համաձայնած էր համայնքին կամ նախարարութեան վերադարձնել եկեղեցին:

Leave a Reply

Advertisement