Ուրուկուէյի Մէջ . «Կը Մաղթենք, Որ Արաբական Երկիրներուն Մէջ Ժողովրդավարութիւն Տիրէ Առանց Բռնարարքներու Եւ Արտաքին Միջամտութեան» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման
By adminx - Mon Oct 08, 7:39 am
- 0 Comments
- 93 views
- Tweet
Email
Print
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթավերջին բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցաւ Ուրուկուէյի լիբանանեան գաղութի պատուիրակութիւններուն հետ:
Հանդիպումներուն ընթացքին տիրեց յուզիչ մթնոլորտ, յատկապէս երբ նախագահ Սլէյման Մոնթեվիտէոյի Լիբանանեան ժողովրդային տան մէջ բացումը կատարեց յուշաքարի մը, որ պատրաստուած էր Ուրուկուէյ կատարած իր այցելութեան առիթով:
Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց լիբանանեան պատուիրակութեան յուզուած ներկայացուցիչներուն սրբելու իրենց արցունքները, որովհետեւ հանդիպումը ուրախութեան հանդիպում է, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց անոնց այցելելու Լիբանան եւ ամէնուրեք պահպանելու լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը:
Նախագահ Սլէյման անդրադառնալով արաբական աշխարհին մաղթեց, որ արաբական երկիրներուն երթը` դէպի ժողովրդավարութիւն, ընթանայ երկխօսութեամբ ու բարեկարգումներով եւ ոչ թէ բռնարարքներով ու արտաքին միջամտութեամբ:
«Լիբանան սուղ վճարեց այլոց պատերազմներուն գինը, եւ այսուհետեւ մենք պիտի մերժենք Լիբանանը վերածել այս կամ այն երկրին նամակներ ու պատգամներ փոխանցող մարտկոցի, ոչ ալ պիտի ըլլայ այս կամ այն պետութիւնը կամ վարչակարգը պաշտպանող վայր մը: Ան հաստատեց, որ Լիբանանը շրջանային զարգացումներէն զերծ կացուցելու որոշումը պիտի շարունակուի գործադրուիլ` երկրին եւ քաղաքացիին անվտանգութիւնը պահպանելու համար միջինարեւելեան տագնապներուն հետեւանքներէն:
Նախագահ Սլէյման բարձր գնահատեց Ուրուկուէյի լիբանանեան համայնքին մօտ տիրող քաղաքական համերաշխութիւնն ու ներդաշնակութիւնը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Ուրուկուէյի լիբանանեան գաղութին` իր նկատմամբ ցուցաբերուած ջերմ ընդունելութեան համար:
Նախագահ Սլէյման այցելեց նաեւ «Սայիտաթ Լուպնան» եկեղեցին, ուր մատուցուեցաւ պատարագ մը` Լիբանանի բարօրութեան համար:
Եկեղեցւոյ մուտքին Ուրուկուէյի լիբանանեան գաղութի աշակերտները լիբանանեան դրօշակներով դիմաւորեցին նախագահ Սլէյմանը, Առաջին տիկին Ուաֆա Սլէյմանը եւ նախագահին ընկերակցող լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութիւնը:
- 0 Comments
- 93 views
- Tweet
Email
Print




