Saturday May 25, 2013

Վարչապետ Միքաթի Անտեղի Կը Գտնէ 10 Հոկտեմբերի Դասադուլն Ու Գործադուլը

By adminx - Mon Oct 08, 7:37 am

Խազեն եւ վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի այսօր վարչապետարանին մէջ պիտի նախագահէ կառավարութեան յատուկ նիստի մը` քննարկելու համար վարչական շարք մը հարցեր, իսկ կէսօրէ ետք ան պիտի նախագահէ ընդարձակ հանդիպումի մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին Լիբանան ժամանած սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող շարք մը հարցեր:

Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի շաբաթավերջին ընդունեց Մարոնի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազենը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Խազեն ըսաւ, որ վարչապետ Միքաթի հաստատած է, որ  պետական մարզի պաշտօնեաներու աշխատավարձի յաւելումներու օրինագիծը արդէն իսկ փոխանցուած է խորհրդարան, որ պէտք է քննարկէ եւ վաւերացնէ զայն:

Խազեն նշեց նաեւ, որ Միքաթի ընդգծած է, որ կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ այդ յաւելումները ֆինանսաւորելու աղբիւրներ գտնելու:

«Վարչապետ Միքաթի անտեղի կը գտնէ այս շաբթուան ընթացքին որոշուած գործադուլն ու դասադուլը, որովհետեւ անոնք ոչ մէկ արդիւնքի պիտի յանգին», ըսաւ Խազեն:

Ուատիհ Խազեն ըսաւ նաեւ, որ վարչապետը լաւատես է, որ մօտիկ ապագային կարելի պիտի ըլլայ քարիւղի պեղման յատուկ յանձնախումբ մը ստեղծել:

Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու նախարարութեան յատուկ հարցեր:

ՄԻՒՍ կողմէ, նշենք, որ սենտիքայական աշխատանքը համակարգող խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ կոչ ուղղեց, որ չորեքշաբթի, 10 հոկտեմբերին ամբողջ Լիբանանի տարածքին գործող վարժարաններուն եւ համալսարաններուն մէջ դասադուլ կատարելու, ինչպէս նաեւ բոլոր նախարարութիւններուն եւ ընդհանուր տնօրէնութիւններուն մէջ գործադուլ կատարելու, մինչեւ որ կարելի ըլլայ իբրեւ մագլցողական քայլ անդամալուծել ամբողջ պետական մարզը:

Իր կարգին, Սեփական վարժարաններու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ շեշտեց, որ եթէ յաւելումները պէտք եղած ձեւով չկատարուին, ապա 2012-2013 կրթական տարեշրջանը պիտի տուժէ եւ դպրոցները պիտի փակուին:

 

Leave a Reply

Advertisement