«1960-ի Ընտրական Օրէնքը Ճշգրիտ Ներկայացուցչութիւն Չ՛ապահովեր» Ընդգծեց Շէյխ Քասեմ
By adminx - Mon Oct 08, 7:36 am
- 0 Comments
- 11 views
- Tweet
Email
Print
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ Նապի Շիթի զէնքի պահեստանոցին մէջ տեղի ունեցած պայթումին ընթացքին զոհուած մարտիկները Հըզպալլայի նահատակներն են, որոնց յուղարկաւորութեան արարողութիւնը արդէն իսկ կատարուեցաւ: «Մենք ոչ ոքէ նահատակ կը պահենք, ընդհակառակն` մենք կը հպարտանանք մեր նահատակներով», ըսաւ ան:
Շէյխ Քասեմ հաստատեց, որ Հըզպալլա ճակատաբաց կը կռուի Իսրայէլի դէմ` աւելցնելով, որ այդ նպատակով Դիմադրութիւնը զինուելու իմաստով ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ եւ այդ զէնքը միայն մէկ տեղ ուղղուած է` թշնամի Իսրայէլի դէմ:
Անդրադառնալով ընտրական օրինագիծերուն` շէյխ Քասեմ շեշտեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքը ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն չ՛ապահովեր, ընդհակառակն` այդ օրէնքը անիրաւութիւններ կը գործէ:
Շէյխ Նեպիլ Քաուք
Միւս կողմէ, Հըզպալլայի քաղաքական գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ գործող ընդդիմութիւնը մէկ դրամին երկու երեսները կը ներկայացնեն, որովհետեւ անոնք կը կառավարուին ամերիկեան վարչակազմին կողմէ եւ կը ֆինանսաւորուին արաբական պետութիւններուն կողմէ:
Շէյխ Քաուք հաստատեց, որ անոնց նպատակն է ծածկել սուրիական վարչակարգին դէմ իրենց արձանագրած ձախողութիւնը:
Միւս կողմէ, Քաուք շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերն են, որոնք կ՛օժանդակեն սուրիական ընդդիմութիւնը զինելու եւ ֆինանսաւորելու աշխատանքներուն` աւելի եւս գրգռելով Սուրիոյ մէջ ծայր տուած համայնքային լարուածութիւնը, ինչպէս նաեւ կ՛ապահովեն դէպի Սուրիա ականներու մուտքը` Հալէպի եւ Դամասկոսի մէջ սուրիացիներուն դէմ պայթումներ գործելու նպատակով:
- 0 Comments
- 11 views
- Tweet
Email
Print



