Tuesday Jun 18, 2013

Զօր. Սերրա Կը Դրուատէ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Տիրող Ապահովական Կայունութիւնը

By adminx - Mon Oct 08, 7:34 am

ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրա երէկ հարաւային Լիբանանի մէջ հովանաւորեց իտալական զօրամասին կողմէ ՖԻՆԻՒԼ-ի օդուժը ստանձնելու յատուկ ձեռնարկը:

Ձեռնարկին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ զօր. Սերրա շեշտեց ՖԻՆԻՒԼ-ի եւ լիբանանեան բանակին միջեւ բացառիկ գործակցութիւնը: Ան շեշտեց, որ ՄԱԿ-ի կողմէ տրուած թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութենէն վեց տարի ետք այսօր հարաւային Լիբանանի մէջ կը տիրէ ամէնէն հանդարտ եւ խաղաղ հանգրուանը:

Զօր. Սերրա ընդգծեց, որ խաղաղութեան այդ հանգրուանը պէտք է պարտիլ լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ գործակցութեան, որ հետզհետէ կ՛ամրապնդուի, ինչպէս նաեւ այդ գործակցութեան նեցուկ կանգնող լիբանանցի ժողովուրդին:

«Իբրեւ միջազգային խաղաղապահ ուժեր,  մենք ամէն ջանք ի գործ կը դնենք կասեցնելու համար թշնամական գործողութիւններն ու յարձակումները եւ ամրապնդելու համար Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին նկատմամբ յարգանքը:

Այս նպատակով մենք պիտի շարունակենք բանակին, լիբանանեան իշխանութիւններուն եւ ՄԱԿ-ի հետ մեր անկեղծ գործակցութիւնը, որպէսզի լաւագոյնս կատարած ըլլանք մեր առաքելութիւնը», ըսաւ զօր. Սերրա:

Leave a Reply

Advertisement