Thursday Jun 20, 2013

Սմահայի Հարցով Հեռաձայնային Նոր Հաղորդակցութիւն Մը Կը Յանձնուի Դատախազ Ապու Ղայտայի

By adminx - Mon Oct 08, 7:33 am

Զինուորական ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ռիատ Ապու Ղայտա շաբաթավերջին Զինուորական ատեանին մէջ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըրէն ստանձնեց ձայնագրութիւնը հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը, որ ենթադրաբար կատարուած էր նախկին նախարար Միշել Սըմահայի եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի խորհրդական Պուսայնա Շաապանի միջեւ:

Ըստ հետաքննութեան մանրամասնութիւններուն, Սըմահա հեռաձայնային այս հաղորդակցութեան ընթացքին կնոջ մը հետ խօսած է իր մօտ գտնուող ականները ինչ ինչ նպատակներու համար օգտագործելու մասին, հետեւաբար եթէ այդ կինը Պուսայնա Շաապանն էր, ապա ան տեղեակ էր գործուելիք պայթումներուն մանրամասնութիւններէն:

Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, հեռաձայնային այս հաղորդակցութիւնը կատարուած է Սուրիոյ մէջ եւ կարելի եղած է անոր մանրամասնութիւնները ձեռք ձգել Սըմահայի բջիջային հեռախօսին մէջ զետեղուած ձայնագրիչ սարքէ մը:

 

Leave a Reply

Advertisement