Saturday May 25, 2013

Շէյխ Զուղէյպ Թրքական Իշխանութիւններէն Կը Պահանջէ Արագացնել Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Ազատ Արձակումը

By adminx - Mon Oct 08, 7:32 am

Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներու թղթածրարին հետեւելու նպատակով, շիիներու գերագոյն խորհուրդին կողմէ առեւանգուածներու հարազատներուն նեցուկ կանգնելու առաքելութեամբ նշանակուած շէյխ Ապպաս Զուղէյպ Թուրքիոյ կառավարութենէն պահանջեց արագացնել մնացեալ ինը առեւանգուածներուն ազատ արձակումը:

Շէյխ Զուղէյպ շեշտեց, որ պէտք է այլեւս վերջ տալ մարդկային այս ողբերգութեան եւ առեւանգուած լիբանանցիները ողջ-առողջ  վերադարձնել Լիբանան:

Leave a Reply

Advertisement