Thursday May 23, 2013

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

By adminx - Mon Oct 08, 7:31 am

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ այսօր վարչապետարանին մէջ պիտի գումարէ նիստ մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկէ վարչական շարք մը հարցեր: Միւս կողմէ, չորեքշաբթի օր կառավարութիւնը Պաապտայի մէջ պիտի գումարէ իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Կապի Լայեուն շեշտեց, որ ինք երբեք պիտի չարտօնէ քանդել Պուսթրոս պալատը, ինչ ալ ըլլայ անոր վիճակը: Լայեուն ընդգծեց, որ այդ կառոյցը կարելի է փրկել, որպէզի փուլ չգայ:

ՊԵՔԱԱՅԻ Մաշարիհ Քաահ շրջանին մէջ շաբաթավերջին արձանագրուեցան բախումներ` սուրիական բանակին եւ զինեալներու միջեւ:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա իրենց գաղտնի հանդիպումներուն ընթացքին կը նախապատրաստեն նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի միջեւ հանդիպում մը:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթը զգուշացուց Լիբանանը, որ կրնայ տուժել Հըզպալլայի կողմէ Սուրիոյ տագնապին մեղսակցութեան հետեւանքներէն:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով նախարարական աղբիւրներէ,  յայտնեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի յառաջիկայ չորեքշաբթի օրուան կառավարութեան նիստին ընթացքին նշանակումներ կատարելու:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն Լիբանանը ծախել կամ զայն մասնատել` երկիրը փոքր ընտրաշրջաններու բաժնող ընտրական օրէնք մը ընդունելով:

ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ: Ան նշեց, որ ինք կը զօրակցի ընտրական այդ օրէնքին, պայմանաւ, որ Լիբանանը վերածուի մէկ ընտրաշրջանի:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շաբաթավերջին ընդունեց Լիբանանի մէջ Իտալիոյ եւ Սպանիոյ դեսպաններ Ճիուզեփփէ Մորապեթոն եւ Խուան Քարլոս Կաֆոն, որոնց հետ քննարկեց Լիբանանի քաղաքական իրադարձութիւնները: Ընտրական առումով Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին հետ քաղաքական-ընտրական հանդիպումները աշխուժացած են, սակայն Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ գործակցութիւնը տակաւին տեղքայլի մէջ է:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Հապըր շեշտեց, որ Լիբանանը փոքր ընտրաշրջաններու բաժնող ընտրական օրէնքը խորհրդարանին մէջ քրիստոնեայ համայնքին քուէներով ընտրուած 55 քրիստոնեայ երեսփոխան կ՛ապահովէ:

ՄԱՐՈՆԻ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոս շեշտեց, որ եթէ Սուրիան բաժնուի, ապա նախ եւ առաջ քրիստոնեաներն են, որոնք պիտի տուժեն:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, պետական նշանակումները գրեթէ վերջնականացած են, եւ կը նախատեսուի, որ Թալալ Մաքտիսի Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայանի տնօրէն նշանակուի:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Սելիմ Աուն շեշտեց, որ Լիբանանը փոքր ընտրաշրջաններու բաժնող ընտրական օրէնքը առիթ կու տայ, որ քաղաքական նպատակներով մսխուող գումարները աւելի ազդու դառնան այդ ընտրութիւններուն արդիւնքը որոշելու առումով:

ԱՄԱԼ շարժումի քաղաքական խորհուրդի պատասխանատու Ժամիլ Հայեք կոչ ուղղեց, որ ընտրական օրէնքը համայնքային եւ յարանուանական լարուածութիւնները գրգռելու դուռ չբանայ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն Անթուան Նասրալլա շեշտեց, որ յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ինք Մեթնի մէջ պիտի առաջադրէ իր թեկնածութիւնը:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ ինք տակաւին կը մաղթէ, որ կարելի ըլլայ ընտրական նոր օրէնք մը վաւերացնել` աւելցնելով, որ կառավարութեան ներկայացուցած օրինագիծը լրջօրէն կը քննարկուի:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի ըսաւ. «Ով որ կը յայտնէ, թէ ինք պիտի որդեգրէ այն օրէնքը, որուն շուրջ քրիստոնեաները համաձայնութիւն պիտի գոյացնեն, քաջ գիտէ, թէ քրիստոնեաները պիտի չհամաձայնին»:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի շեշտեց, որ Սուրիոյ տագնապին առաջին օրէն իսկ Հըզպալլա մեղսակցած է այդ տագնապին:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Ահմետ Քարամէ հաստատեց, որ ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատիի կողմէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն չմասնակցելու պարագային ընտրական դաշինքները փոփոխութեան պիտի ենթարկուին:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ հաստատեց, որ սուրիացիները զինք մահափորձի ենթարկած են, ինչպէս նաեւ սպաննած են նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրին, երեսփոխան Ժըպրան Թուէյնին եւ բոլոր նահատակները: Ան հաստատեց, որ ինք ոչ մէկ առնչութիւն ունի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1559 բանաձեւին հետ:

 

Leave a Reply

Advertisement