Մինչ Թուրքիա-Սուրիա Փոխադարձ Ռմբակոծումն Ու Լարուածութիւնը Կը Շարունակուին Թուրքիա Կ՛առաջարկէ, Որ Շարեհ Փոխարինէ Ասատը
By adminx - Mon Oct 08, 7:28 am
- 0 Comments
- 90 views
- Tweet
Email
Print
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարեց, որ Թուրքիա առաջարկած է, որ Սուրիոյ փոխնախագահ Ֆարուք Շարեհ ստանձնէ երկրին ղեկավարութիւնը` նախագահ Պաշշար Ասատի փոխարէն` նշելով, որ Շարեհ «ողջամիտ մարդ է» եւ կրնայ Սուրիոյ մէջ փոխանցման կառավարութեան գլխաւորման մէջ փոխարինել Ասատը:
Տաւութօղլու պնդեց, որ Աքչաքալէի վրայ արձակուած ռումբը միայն Սուրիոյ բանակը ունի` զարմանք յայտնելով այն մեկնաբանութեանց համար, թէ ռումբը կրնայ մէկ այլ կողմէ արձակուած ըլլալ: «Յամենայն դէպս, Թուրքիա գիտէ, որ իր հողամասերէն 12 քիլոմեթր հեռաւորութենէ արձակուած հրետանիի ռումբը ուրկէ՛ եկաւ եւ ո՛վ զայն արձակեց», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ռումբը 122 միլլիմեթրնոց է եւ արձակուած է «30Տի» տիպի հրետանիէ: «Ատոր հասցէն ծանօթ է: Այդպիսի ռումբ մը միայն սուրիական բանակին մօտ կը գտնուի», ընդգծեց Տաւութօղլու:
Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի աւագ խորհրդական Արշատ Հիւրմիւզլիւ սէուտական «Օքազ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը կը սերտէ ոտնձգութեանց շարունակման պարագային սուրիական վարչակարգին հակադարձելու բոլոր ընտրանքները: «Թուրքիա պիտի չարտօնէ իր հողամասերուն եւ գերիշխանութեան ոտնահարումը եւ նոյնպիսի ձեւով իր ատենին պիտի հակադարձէ սուրիական որեւէ ռմբակոծման», ըսաւ ան, սակայն նաեւ նշեց, որ Թուրքիա այս հարցով բարեկամներու հետ համակարգում կը կատարէ եւ Սուրիոյ հետ պատերազմի մէջ պիտի չներքաշուի:
Անդրադառնալով անցեալ շաբաթ Աքչաքալէի ռմբակոծման համար սուրիական կողմէն ներումի հայցումին ան նշեց, որ ներման այդ հայցը, որ Թուրքիա Ռուսիոյ կողմէ ստացաւ, բաւարար չէ, եւ պէտք է ոտնահարումները անմիջապէս դադրին: Նշենք, որ ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ մնայուն ներկայացուցի Պաշշար Ժաաֆարի հերքած էր, որ սուրիական կողմը Թուրքիայէն ներում հայցած է:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լէոն Փանեթա յայտնեց, որ իր երկիրը մտահոգ է սուրիական տագնապին ընդլայնումով եւ դրացի երկիրներ փոխանցուելուն առնչութեամբ:
Անդրադառնալով Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ փոխադարձ ռմբակոծման հարցին` Փանեթա ըսաւ, որ իր երկիրը դիւանագիտական խողովակները կ՛օգտագործէ իր մտահոգութիւնը առնչակից կողմերուն փոխանցելու համար: Ան յոյս յայտնեց, որ տագնապը չընդլայնի:
Բրիտանական «Սքայ Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ սուրիական կողմէն արձակուած երեք հրթիռներ հարուածած են Սուրիոյ սահմանակից Աքչաքալէ քաղաքը: Թրքական աղբիւրներ հաղորդեցին, որ սուրիական կողմէն արձակուած ռումբ մը Աքչաքալէի մէջ հինգ զոհ պատճառած է: Թրքական հրետանին հակադարձեց սուրիական կողմէն արձակուած ռումբերուն: Նշենք, որ շաբաթ օր թրքական բանակը հակադարձած էր նաեւ Ալեքսանտրէթի մէջ ինկած «Հրասանդի» հրթիռի մը:
Մինչ այդ, «vz.ru» կայքէջը` վկայակոչելով թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ բանակի ներկայացուցիչները յայտարարած են, որ Թուրքիոյ հիւսիսային հատուածէն Միջերկրական ծով ուղարկուած են քանի մը ռազմանաւեր եւ սուզանաւեր: Նշենք, որ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով նախարար Էկեմեն Պաղըշ վերջերս յայտարարած էր, որ «փառք Աստուծոյ, Թուրքիոյ բանակը այնքան ուժեղ է, որ կրնայ քանի մը ժամուան մէջ ոչնչացնել Սուրիան», սակայն նաեւ աւելցուցած էր, որ Թուրքիոյ նպատակը պատերազմի մը մէջ մտնելը չէ:
Միւս կողմէ, Սուրիական ազատ բանակի` Դամասկոսի եւ Ռիֆ Տիմաշքի մէջ գործող «Պարա ջոկատ» զինեալ խմբաւորումը Դամասկոսի եւ Թեհրանի սպառնաց 48 ժամ ետք սպաննել Սուրիոյ մէջ առեւանգեալ իրանցիները, եթէ սուրիական վարչակարգը Ռիֆ Տիմաշքի դէմ իր յարձակումը չդադրեցնէ:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պահանջեց անմիջապէս ազատ արձակել օգոստոսին առեւանգուած իրանցիները` զգուշացնելով, որ «Պարա ջոկատ»-ը անոնց կեանքին պատասխանատու պիտի նկատէ: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռամին Մեհմանփարասթ յայտնեց, որ Իրան միջազգային կազմակերպութիւններէն կը պահանջէ արգիլել այդպիսի արարքները եւ ամէն ջանք թափել Իրանի քաղաքացիները անմիջապէս ազատ արձակելու:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի այս հարցով հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ իր թուրք պաշտօնակից Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ` «իրանցի այցելուներու ազատ արձակման նպատակով Թուրքիոյ օժանդակութիւնը խնդրելու համար»: Տաւութօղլու խոստացաւ, որ իր երկիրը պահանջուած օժանդակութիւնը պիտի տրամադրէ:
Ամերիկեան ազդեցիկ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Սէուտական Արաբիա եւ Քաթար մերժած են սուրիացի ընդդիմադիրներուն ծանր զէնքեր տրամադրել` հիմնուելով Միացեալ Նահանգներու այն մտավախութեան վրայ, թէ այդ զէնքերը կրնան ահաբեկչական տարրերու ձեռքը անցնիլ: Օրաթերթը նշեց, որ այդ զէնքերուն շարքին են հակաօդային եւ հակահրասայլային հրթիռներ, զորս կարելի է ուսի վրայ զետեղելով արձակել: Օրաթերթը նաեւ նշեց, որ այդպիսի զէնքեր չմատակարարելը պատճառ կը դառնայ, որ ընդդիմադիրները վարչակարգի բանակին դէմ յաղթանակ չարձանագրեն:
Արեւմտեան դիւանագիտական աղբիւրներ լիբանանեան «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ Ռուսիոյ եւ Եւրոպայի միջեւ տեղի կ՛ունենան Սուրիոյ տագնապին շուրջ հաղորդակցութիւններ, որոնք թերեւս տագնապին վերջ տալու համաձայնութեան մը կ՛առաջնորդեն:
Ապահովական գետնի վրայ, Սուրիոյ բանակը Հալէպի մէջ տիրեց Տուար Սախուրի ու Սախուրի կամուրջին եւ կը յառաջանայ դէպի Թարիք Պապ: Հին Հալէպի մէջ բախումները կը շարունակուին:
- 0 Comments
- 90 views
- Tweet
Email
Print




