Եւրոպական Միութիւնը Խօսքի Ազատութեան Նահանջին Համար Բուռն Կերպով Կը Քննադատէ Էրտողանի Կառավարութիւնը
By adminx - Mon Oct 08, 7:25 am
- 0 Comments
- 48 views
- Tweet
Email
Print
Եւրոպական Միութիւնը անգամ մը եւս բուռն կերպով քննադատեց թրքական կառավարութիւնը` Թուրքիոյ մէջ խօսքի ազատութեան նահանջին, կառավարութեան ընդդիմացող լրագրողներու ձերբակալման արշաւներուն եւ կառավարութեան աշխատանքին շուրջ զգայուն հետաքննութիւններ կատարելնուն համար անոնցմէ շատերու գործէ վտարման համար:
Եւրոպական Միութեան հերթական նոր զեկուցումը, որ 10 հոկտեմբերին պիտի հրապարակուի, կը նշէ, որ «ահաբեկչութեան դէմ պայքարի օրէնքը կը բովանդակէ ոչ յստակ եզրեր, որոնք առիթը կ՛ընծայեն կառավարութիւնը քննադատողներ ահաբեկչութեան աջակցելու ամբաստանութեամբ ձերբակալելու եւ բանտարկելու»:
Ըստ թուրք վերլուծաբաններու, զեկուցումը «մինչեւ օրս ամէնէն սուրն է»:
Անդրադառնալով քրտական հարցին` զեկուցումը կը նշէ, որ նշեալ հարցը «տակաւին Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան մեծագոյն մարտահրաւէրն է»` քննադատելով 2009-ին Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ձեռնարկած քիւրտերու նկատմամբ ժողովրդավարական նախաձեռնութեան ընդհատումը»:
Զեկուցումը նաեւ կը մատնանշէ Ատանայի մէջ Հէյպելիատա դպրեվանքի փակումի շարունակումը, ալեւիներու նկատմամբ բաց քաղաքականութեան եւ անոնց կրօնական իրաւունքներուն ընդառաջելու դադրեցումը, որովհետեւ անոնց պաշտամունքի վայրերը տակաւին «հաւաքի տուն» կը կոչուին եւ պետութեան կողմէ չեն ճանչցուած:
- 0 Comments
- 48 views
- Tweet
Email
Print



