Վրացական Երազը Աբխազիոյ Եւ Հարաւային Օսեթիոյ Հետ Բանակցութիւններու Կը Սկսի
By adminx - Mon Oct 08, 7:24 am
- 0 Comments
- 31 views
- Tweet
Email
Print
Վկայակոչելով Վրացական երազ պլոքի ղեկավար Պիծինա Իվանիշվիլիի խորհրդական Կէորկի Վոլսքին` vz.ru կայքէջը կը հաղորդէ, որ վերջերս Վրաստանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններու թէ՛ համամասնական, թէ՛ մեծամասնական ընտրակարգերով յաղթանակ արձանագրած Վրացական երազ պլոքը Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ հետ` առանց ռուսական կողմի մասնակցութեան բանակցութիւններու կը սկսի:
«Բանակցութիւններու գլխաւոր նիւթն է կողմերուն հետ սերտ յարաբերութիւններու հաստատումը, ինչպէս նաեւ առաջին համազգային երկխօսութեան սկիզբը», ըսած է Վոլսքի:
Ան նաեւ նշած է, որ պլոքը մտադիր է քիչ մը մեղմացնել օրէնսդրութիւնը «շրջափակուած տարածքներու» վերաբերեալ` նպատակ ունենալով աբխազական եւ օսեթական կողմերուն հետ նոր յարաբերութիւններու հաստատման համար անհրաժեշտ ենթահող ստեղծել:
Ըստ Վոլսքիի, պէտք է զգալի չափով ընդլայնել միջազգային ուժերու այս խնդիրի լուծման մէջ ներգրաւուածութիւնը:
Միւս կողմէ, «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին այն կարծիքը յայտնած է, որ Վրաստանի ներկայ նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլի խորհրդարանական ընտրութիւններուն մէջ պարտութիւն կրելէ ետք ամէն ձեւով պիտի փորձէ իշխանութիւնը իր ձեռքը պահել` մասնաւորաբար մեծամասնական ընտրակարգով խորհրդարան մուտք գործած երեսփոխաններուն միջոցով:
Ռուսական «Էյչ.Թի.Պի.» պատկերասփիւռի կայանէն պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Սահակաշվիլի պիտի կառչի՞ իշխանութեան, Փութին պատասխանած է. «Անկասկած պիտի կառչի: Ես կը կարծեմ ,որ ան ատիկա պիտի ընէ մասնաւորաբար մեծամասնական ընտրակարգով անցած երեսփոխաններու միջոցով»:
- 0 Comments
- 31 views
- Tweet
Email
Print



