Թուրքիա Իրանեան Քարիւղէն Պիտի Հրաժարի
By adminx - Mon Oct 08, 7:24 am
- 0 Comments
- 42 views
- Tweet
Email
Print
Ռուսական «Առ.պի.սի.ռու» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը մօտ օրէն կրնայ միանալ Իրանի դէմ կիրարկուող արեւմտեան պատժամիջոցներուն եւ իրանեան քարիւղի ներածումէն հրաժարիլ: Այդ պարագային Թուրքիոյ համար յաջող տարբերակ կրնայ հանդիսանալ Սէուտական Արաբիան, որուն մասին կը վկայեն երկու երկիրներուն միջեւ ընթացող բանակցութիւնները: Իրանէն Թուրքիա ներածուող տարեկան 8 միլիոն թոն քարիւղը կը բաւարարէ երկրի ներքին պահանջին մէկ երրորդը, իսկ ինչ կը վերաբերի Սէուտական Արաբիոյ հետ համագործակցութեան, ապա տակաւին ոչինչ յայտնի է:
Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով թրքական լրատուամիջոցներուն, կը նշէ, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը բացի Սէուտական Արաբիայէն նմանատիպ բանակցութիւններ կը վարէ նաեւ Լիպիոյ եւ Ռուսիոյ հետ:
- 0 Comments
- 42 views
- Tweet
Email
Print



