Ռոմնիի Եւ Օպամայի Միջեւ Վարկանիշի Տարբերութիւնը Նուազած Է 2 Առ Հարիւրի
By adminx - Mon Oct 08, 7:23 am
- 0 Comments
- 26 views
- Tweet
Email
Print
Միացեալ Նահանգներու հանրապետական թեկնածու Միթ Ռոմնի գործող նախագահ Պարաք Օպամայի վարկանիշի առաւելութիւնը նուազեցուցած է 2 առ հարիւրի:
«Ռոյթըրզ-Իփսոս»-ի կատարած հարցախոյզը ի յայտ բերած է, որ ներկայիս Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահ Պարաք Օպամայի ի նպաստ քուէարկելու պատրաստ են ամերիկացիներուն 46 առ հարիւրը, իսկ Ռոմնիի ի նպաստ` 44 առ հարիւրը:
Ռոմնիի վարկանիշին բարձրացումն ու Օպամայի ցուցանիշին մօտենալը արդիւնք է 3 հոկտեմբերին անոնց միջեւ տեղի ունեցած պատկերասփռուած բանավէճին, որուն ընթացքին, ամերիկացիներուն համոզումով, Ռոմնի աւելի լաւ ելոյթ ունեցած է:
Օպամայի եւ Ռոմնիի յաջորդ բանավէճը տեղի պիտի ունենայ 16 հոկտեմբերին:
- 0 Comments
- 26 views
- Tweet
Email
Print



