Saturday May 18, 2013

«Հիւսիսային Մալիի Մէջ Քայիտայի Զինեալներուն Դէմ Միջոցառումներու Որդեգրումը Չենք Բացառեր» Կ՛ըսէ Նուլընտ

By adminx - Mon Oct 08, 7:22 am

Վիքթորիա Նուլընտ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պատասխանելով Հիւսիսային Մալիի մէջ Քայիտայի զինեալներուն դէմ ամերիկեան վարչակազմին կողմէ ինքնագլուխ միջոցառումներու որդեգրման կարելիութեան շուրջ հարցումի մը, յայտնեց, որ «Քայիտայի զինեալներուն դէմ որեւէ ընտրանք չեմ բացառեր, սակայն ներկայիս Մալիի մէջ գոյութիւն ունեցող այս խնդիրին լուծման ափրիկեան ջանքերուն կը սպասենք»:

Նուլընտ նշեց, որ ամերիկեան վարչակազմը մտահոգ է «այս շրջանին մէջ Քայիտա կազմակերպութեան ներկայութեան աճէն»` նշելով, որ «Օպամայի վարչակազմը Մալիի կառավարութեան հետ բանակցութիւններ վարեց` Քայիտա կազմակերպութեան սպառնալիքն ու վտանգը չէզոքացնելու համար»:

Leave a Reply

Advertisement