Wednesday Jun 19, 2013

«Իրանի Վարչակարգը Վտանգաւոր Կէտի Կը Հասնի Եւ Անկայունութիւնը Կը Տարածուի» Կ՛ըսէ Լիպըրման

By adminx - Mon Oct 08, 7:20 am

Աւիկտոր Լիպըրման

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման յայտնեց, որ Իրանի դէմ հաստատուած միջազգային պատժամիջոցները, որոնք ըստ իրեն, բողոքի համատարած շարժում մը պիտի ստեղծեն,  պատճառ պիտի դառնան, որ «Արաբական գարուն»-էն ետք «Պարսկական գարուն» մը եւս տեղի ունենայ:

Լիպըրման ըսաւ, որ «Իրանի մէջ անկայունութիւնը կ՛ընդլայնի եւ ոչ միայն Թեհրանի մէջ»` աւելցնելով, որ «անկասկած, բողոքի շարժումը յառաջիկայ ամառ նախատեսուած իրանեան նախագահական ընտրութեան թուականին մօտեցումով պիտի ամրապնդուի»:

Իսրայէլի դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ «իրանեան վարչակարգը վտանգաւոր կէտի մը կը մօտենայ: Միջազգային պատժամիջոցները այդտեղի պաշտօնատարները չհամոզեցին իրենց հիւլէական ծրագիրէն հրաժարելու, սակայն կարեւորը այն է, որ իրանցի ժողովուրդը սկսաւ յայտնել, որ ինք պատրաստ չէ յեղափոխական եւ ծայրայեղական ղեկավարներու փառամոլութիւնը իրականացնելու համար ինքզինք զոհելու»:

 

Leave a Reply

Advertisement