Tuesday May 21, 2013

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Նախագահութեամբ` Արեւմտահայերէնի Պաշտպանութեան Յանձնաժողովը Սկսաւ Աշխատանքի

By adminx - Mon Oct 08, 7:18 am

Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան յանձնաժողովի Լիբանանի անդամները չորեքշաբթի, 3 հոկտեմբեր 2012-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ գումարուած նիստին ընթացքին տուին հետեւեալ որոշումները.

ա) Վերջնական ձեւ տալ յանձնաժողովի աշխատանքային ուղեգիծին յատուկ ենթայանձնախումբի մը ճամբով, սփիւռքի այլ գաղութներու մէջ գտնուող իր անդամներու կատարած առաջարկներուն լոյսին տակ:

բ) Արեւմտահայերէնի մէջ գործածուող լեզուական եւ ուղղագրական սխալները ճշդելու ձգտող կատարուած աշխատանքի առաջին բաժինը որոշուեցաւ քննել եւ յառաջիկային այս ուղղութեամբ լծուիլ գործնական աշխատանքի:

գ) Յանձնաժողովը որոշեց լծուիլ մասնագիտական բառերու առձեռն բառարան մը պատրաստելու աշխատանքին:

Յանձնաժողովը իր աշխատանքը պիտի կատարէ հանգրուանային կերպով եւ առաւելագոյն չափով ունենալով ոչ միայն իր անդամներուն տեսակէտներն ու մասնակցութիւնը, այլ նաեւ` կարծիքները այն բոլոր մտաւորականներուն, որոնք մտահոգութիւն մը կամ գործնական առաջարկ մը ունին այս ուղղութեամբ:

Յայտնենք, որ յանձնաժողովի աշխատանքը պիտի կեդրոնանայ հետեւեալ մարզերուն վրայ. 1) գործածուող արեւմտահայերէնի սրբագրում, 2) անոր գործածութեան տարածում, 3) մասնագիտական բառերու ժողովրդականացում: Այս ուղղութեամբ անոնք, որոնք կ՛ուզեն առաջարկ ներկայացնել, կրնան կապ պահել յանձնաժողովի քարտուղար Սարգիս Կիրակոսեանի հետ (edu@armenianorthodoxchurch.org):

Ստորեւ յանձնաժողովի անդամներուն ամբողջական ցանկը.

Երուանդ Փամպուքեան` ատենապետ (Լիբանան)
Պէպօ Սիմոնեան` ատենապետ (Լիբանան)
Սարգիս Կիրակոսեան` քարտուղար (Լիբանան)
Դոկտ. Զաւէն Եկաւեան (Փորթուգալ)
Վրէժ Արմէն Արթինեան (Քանատա)
Գերշ. Տ. Կորիւն արք. Պապեան (Լիբանան)
Գերշ. Տ. Վարուժան արք. Հերկելեան (Կիպրոս)
Գերպ. հայր Լեւոն Զէքիեան (Իտալիա)
Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան (Լիբանան)
Ռոպեր Հատտէճեան (Թուրքիա)
Տիգրան Ճինպաշեան (Լիբանան)
Լեւոն Շառոյեան (Սուրիա)
Դոկտ. Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան (Ֆրանսա)
Յարութիւն Քիւրքճեան (Յունաստան)
Դոկտ. Գրիգոր Պլըտեան (Ֆրանսա)
Յակոբ Չոլաքեան (Սուրիա)
Դոկտ. Երուանդ Քասունի (Լիբանան)
Նազարէթ Պէրպէրեան (Յունաստան)
Կարօ Յովհաննէսեան (Լիբանան)
Վարդան Մատթէոսեան (Միացեալ Նահանգներ)
Ժիրայր Դանիէլեան (Լիբանան)
Սարգիս Մահսէրէճեան (Միացեալ Նահանգներ)
Պարոյր Աղպաշեան (Լիբանան)
Յակոբ Պալեան (Ֆրանսա)
Դոկտ. Յակոբ Կիւլլիւճեան (Միացեալ Նահանգներ)

Leave a Reply

Advertisement