Saturday May 25, 2013

Երկրորդ Օրն Ըլլալով Լրագրողներու Համահայկական 6-րդ Համաժողովը Շարունակեց Իր Աշխատանքները

By adminx - Sat Oct 06, 7:45 am

Վարչապետ Սարգսեանի հանդիպումը` համաժողովի մասնակիցներուն հետ

«Հայոց ցեղասպանութեան 100¬ամեակին ընդառաջ» խորագիրով Լրագրողներու համահայկական 6¬րդ համաժողովը երէկ` 5 հոկտեմբերին շարունակեց իր աշխատանքները:

Հայոց ցեղասպանութիւնն ու հայ լրագրութիւնը ընդհանուր ուղղուածութիւնը ունեցող զեկուցումներով կայացաւ համաժողովին երկրորդ նիստը, որուն ընթացքին զեկուցումներով հանդէս եկան Հայաստանէն եւ սփիւռքէն մամուլի, պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կայաններու, ելեկտրոնային կայքէջերու լրագրողներ ու խմբագիրներ:

Մերձաւոր Արեւելքի լրատուամիջոցներուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան լուսաբանման արդի հարցերուն եւ այդ մարզին մէջ տիրող իրավիճակին մասին խօսեցաւ Համբիկ Մարտիրոսեան (Լիբանան), Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առնչութեամբ հայկական մամուլին ունենալիք դերակատարութեան եւ առաջադրանքներուն մասին ընդհանուր ակնարկով անդրադարձաւ Վարուժան Սիրապեան (Ֆրանսա): Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան հայկական համազգային հարցերու եւ Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն մէջ լրատուամիջոցներուն ունեցած ազդու դերակատարութեան անդրադառնալով` դիտել տուաւ, որ հիմնականօրէն պէտք է աշխատանք տանիլ «սպաննելու» հայ¬թրքական արձանագրութիւնները, հաւաստի փաստեր ու տուեալներ տարածել հայկական հարցերուն մասին: Ապա ան խօսեցաւ ամերիկեան լրատուամիջոցներուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան լուսաբանման հարցերուն մասին:

Ապա խօսք առաւ Հայաստանի լրագրողներու միութեան փոխնախագահ Գրիգոր Ջանիկեան, որ խօսեցաւ Արցախի ու Ջաւախքի առնչութեամբ արտերկրի լրատուամիջոցներուն  անդրադարձին եւ ընդհանրապէս հայկական հարցերու գծով տեղի ունեցող լրատուութեան մասին: Յօդուածագիր Կիրակոս Գույումճեան (Քուէյթ) խօսեցաւ արաբական եւ իսլամական լրատուամիջոցներուն կողմէ հայկական հարցին նկատմամբ գործադրուող քաղաքականութեան մասին: Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան ամպիոնի նախագահ Նաղաշ Մարտիրոսեան ներկայացուց լրագրողներու վերապատրաստութեան դպրոցին աշխատանքները, անոնց մէջ նկատի առնուած Հայոց ցեղասպանութեան առնչուող նիւթերը:

Երկրորդ նիստի աւարտին զեկուցողները պատասխանեցին Հայաստանէն եւ սփիւռքէն համաժողովին մասնակցող լրագրողներուն հարցումներուն:

Երրորդ նիստին ընդհանուր խորագիրն էր «Պատկերասփիւռն ու ձայնասփիւռը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հոլովոյթին մէջ»:

Յակոբ Վարդիվառեան (Միացեալ Նահանգներ) անդրադարձաւ ցեղասպանութեան մասնագէտներ պատրաստելու իմաստով մեր դիմաց ցցուած մարտահրաւէրներուն` դիտել տալով, որ նման պատրաստուած մարդուժի առկայութիւնը մեծ անհրաժեշտութիւն է: Հայաստանի տեղեկատուական անվտանգութեան ու Ազրպէյճանի նկատմամբ իրականացուող հակաքարոզչութեան մասին խօսեցաւ Հանրային կապերու եւ տեղեկատուութեան կեդրոնէն Անժելա Էլիզպարովա, որմէ ետք համացանցային աշխարհին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան հարցերուն եւ մարտահրաւէրներուն, հայկական եւ հակահայ կայքէջերուն մասին հանգամանալից կերպով խօսեցաւ Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտութեան հետազօտութեան կեդրոնի պատասխանատուներէն Մհեր Յովհաննիսեան:

Թրքական մամուլի ապատեղեկատուութեան, անկէ հայկական մամուլին կրած ազդեցութեան եւ այդ երեւոյթին դէմ դնելու կարեւորութեան մասին խօսեցաւ «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանի լրատուական ծրագիրներու տնօրէն Գեղամ Մանուկեան: Օրինակներու վրայ հիմնուելով ան դիտել տուաւ, որ թրքական ապատեղեկատուութենէն ազդուելով հայկական մամուլը թրքական քաղաքականութեան ծառայած կ՛ըլլայ, ինչ որ շատ վտանգաւոր երեւոյթ է: Գ. Մանուկեան կոչ ուղղեց ուշադիր ըլլալու, ստացուած լուրերը միշտ զտելու, ստուգելու, ապա հրապարակելու առումով, այլապէս թրքական գաղափարներու վերարտադրողը պիտի ըլլայ հայկական մամուլը:  Արթուր Խանումեան (Ռուսիա) լուսարձակի տակ առաւ լրատուամիջոցներուն կողմէ լեզուի անարատ օգտագործման կարեւորութիւնը, որովհետեւ լեզուն առանցքային տեղ ունի ազգային մտածելակերպի ձեւաւորման, հանրային կարծիքի մշակման եւ արմատներուն կառչած մնալու իմաստով: Ապա յաջորդաբար խօսք առին Ռուբիկ Ղահրաման¬Մոնասեան (Իրան), Պայծիկ Գալայճեան (Լիբանան), Արփեն Մովսիսեան (լրագրող), Գէորգի Յակոբեան («Հայաստանի զրուցակից» թերթի թղթակից), որոնք անդրադարձան համացանցին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան, հայ մամուլի դերակատարութեան, յատկապէս երիտասարդները դաստիարակելու եւ կազմաւորելու իմաստով, մշակութային մակարդակի վրայ ցեղասպանութեան եւ հայկական հարցերու արձագանգներուն ու մարտահրաւէրներուն, Հայաստանի ներքին ու արտաքին մակարդակներու վրայ Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ ի գործ դրուած քաղաքականութեան:

Վահագն Գարագաշեան զեկուցումի պահուն

Չորրորդ նիստի խորագիրն էր «Հայոց ցեղասպանութեան հիմնախնդիրի արծարծումը միջազգային մամուլին մէջ»: Առաջին զեկուցաբերն էր Վահագն Գարագաշեան (Քանատա), որ անդրադարձաւ լոպիինկի աշխատանքներուն մէջ հայութեան արձանագրած յաջողութիւններուն ու ձախողութիւններուն: Ան փաստացի օրինակներէ մեկնելով լուսարձակի տակ առաւ այդ աշխատանքներուն կարեւորութիւնը, մանաւանդ որ թրքական կողմի լոպիական գործունէութիւնը բաւական ծաւալուն ու մոլեգին է: Վ. Գարագաշեան դիտել  տուաւ, որ թէեւ բաւական աշխատանք տարուած եւ յաջողութիւններ կարելի եղած է ձեռք բերել, բայց եւ այնպէս տակաւին հսկայական աշխատանք կայ, լոպիական աշխատանքները յաջողութեան եւ ձախողութեան սահմաններուն մէջ կարելի չէ ամփոփել, այլ անոնք պէտք է ըլլան մնայուն թարմացող, հետեւողական եւ յարատեւ:

Զաւէն Թորիկեան զեկուցումի պահուն

Ապա խօսք առաւ Րաֆֆի Քանդեան (Գերմանիա), որ զեկուցեց «Մեծ Եղեռնի 100-ամեակի հանդիսութիւնները Գերմանիոյ մէջ. ներկայ կացութիւն եւ հեռանկարներ» նիւթով, ապա Սոնա Նիւրբեթլեան (Իտալիա) անդրադարձաւ «Հայոց ցեղասպանութեան արծարծումը` իբրեւ հայապահպանման պարտականութիւն» նիւթին, Իրանէն Էդիկ Պաղտասարեան խօսեցաւ «Եղեռնն ու իրանահայութիւնը» նիւթին մասին,  Զաւէն Թորիկեան (Միացեալ Նահանգներ) իր խօսքին մէջ շեշտը դրաւ հայրենահանման սրբագրութեան եւ բռնագրաւուած հայրենիքը իրաւատէր ժողովուրդին վերադարձնելու մասին: Ան հաստատեց, որ մեծամասնութիւն հաշուող ժողովուրդը բնազդական կերպով քաջատեղեակ է, որ լիիրաւ ազգ ըլլալու, իր իրաւունքը վերականգնելու համար իրմէ խլուած ՀՈՂՆ է քաղաքականութեան եւ քաղաքական մտածողութեան առանցքը: Պետական բարձր մակարդակի վրայ աշխատանք կայ կատարուելիք: Պէտք է խօսինք հայրենահանման մասին, բռնագրաւուած Հայաստանի ազատագրման ու հատուցման մասին:

Իրանէն Արա Աշճեան լուսարձակի տակ առաւ իրաքեան մամուլին, արաբական ելեկտրոնային կայքերուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նիւթի արծարծման հարցը, Արթուր Ղուկասեան` Սպանիայէն, խօսեցաւ Սպանիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հոլովոյթին ձախողութեան պատճառներուն եւ անկէ քաղուած դասերուն մասին: Աստղիկ Աւետիսեան ներկայացուց «Հայոց ցեղասպանութիւնն ու սփիւռքի պատկերասփիւռի կայանն ու ձայնասփիւռը» նիւթը:

Հինգերորդ նիստը կը կրէր «Հակահայկական քարոզչութիւնը եւ հայկական լրատուամիջոցներուն դերը քարոզչական պատերազմին մէջ, արդի արհեստագիտութիւններու կարելիութիւնները` համացանց, ընկերային ցանցեր» խորագիրը:

Առաջին խօսք առնողը եղաւ Վերա Սիսեռեան (Լիբանան), որ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան ունեցած հոգեբանական ազդեցութեան, հայութեան երկու հիմնական հատուածները` Հայաստանն ու սփիւռքը իրարմէ բաժնող եւ տարբերող հանգամանքներուն: Ան կոչ ուղղեց զգուշ ըլլալու այն հանգամանքէն, որ տարբերութիւնները օգտագործուին իբրեւ տարանջատող գործօն: Կարինէ Քոչարեան (Միացեալ Նահանգներ) խօսեցաւ սփիւռքահայութեան ազգային, կրթական եւ մշակութային կեանքին եւ անոնց լուսաբանման կարեւորութեան մասին: Վերջին զեկուցաբերն էր Արմինէ Առաքելեան (Իրան), որուն նիւթն էր սփիւռքի մէջ հրատարակուող օտարալեզու մամուլի դերը Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հայ դատի իրականութեան ճանաչման աշխատանքներուն մէջ:

Երեկոյեան ժամը 7:30-ին համաժողովի մասնակիցներուն այցելեց Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան: Այս առիթով ողջունելով վարչապետը` սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ամփոփ կերպով անդրադարձաւ համաժողովի երկօրեայ աշխատանքներուն, դիտել տուաւ, որ ժողովին կը մասնակցին 89 մամլոյ ներկայացուցիչներ աշխարհի չորս ծագերէն, զեկուցումներու ճամբով հաւաքուած է բաւական նիւթ, առաջարկ եւ վերլուծում` հայութեան վերաբերող տարբեր նիւթերու շուրջ:

Վարչապետ Սարգսեան իր խօսքին մէջ կառավարութեան անունով ողջունելով լրագրողները` դիտել տուաւ, որ ներկայ դարաշրջանին, երբ տեղեկատուական դաշտին մէջ պայքարը հետզհետէ կը սրի, ուրախութիւն է տեսնել, որ համազգային նիւթերու շուրջ լրագրողները միացեալ ուժերով լծուած են հայութեան խօսքն ու ճշմարտութիւնը հասցնելու բոլորին: Ան նշեց, որ այս առումով մեծ պատասխանատուութիւն դրուած է լրագրողներուն ուսերուն, որովհետեւ անոնք կոչուած են ներքին ու արտաքին մակարդակներու վրայ հայութեան վերաբերող հարցերուն ու լուրերուն մասին տեղեկութիւն փոխանցելու:

Վարչապետը ապա պատասխանեց լրագրողներուն հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին պետական մակարդակի վրայ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն հատուցում անցնելու, սուրիահայութեան տարբեր ձեւերով օժանդակելու հարցերուն:

 

 

Leave a Reply

Advertisement