Յատուկ Մամլոյ Ասուլիսի Մը Ընթացքին Լիբանանի Հեծելարշաւի Ֆետերասիոնը Պաշտօնապէս Յայտարարեց Ասիոյ «Մաութըն-Պայք»-ի Ախոյեանութիւնը Հիւրընկալելը
By adminx - Sat Oct 06, 6:02 am
- 0 Comments
- 14 views
- Tweet
Email
Print
Երէկ` ուրբաթ, 5 հոկտեմբերին, «Լը Ռուայալ» պանդոկին մէջ (Տըպպայէ) Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը տուաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարեց Ասիոյ «Մաութըն Պայք»-ի ախոյեանութիւնը հիւրընկալելը: Անիկա տեղի պիտի ունենայ 10-14 հոկտեմբերին, Պիսքանթայի շրջանին մէջ:
Այս մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէի ներկայացուցիչ Էլի Շահին, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Անթուան Շարթիէ եւ անոր ընդհանուր քարտուղարը` Իզզաթ Քրայթեմ, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի անդամ եւ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան եւ անդամները, Պիսքանթայի քաղաքապետ Թանիոս Ղանեմ, մասնակցող երկիրներու դեսպաններ, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Քէշիշեան, հրաւիրեալներ եւ մարզական լրագրողներ:
Իր արտասանած խօսքին մէջ Վաչէ Ծատուրեան ըսաւ.
«Փորձեցինք այս ախոյեանութիւնը հիւրընկալել 2007-ին, սակայն պաղեստինեան Նահր Պարետ գաղթակայանի խնդիրներու պատճառով մեզ փոխարինողը հանդիսացաւ Չինաստան:
«Յաջողեցանք մենք մեզ պարտադրել` Թայլանտի դէմ զօրաւոր պայքար մղելէ ետք: Տղոց 17-րդ եւ կրտսերներու 4-րդ այս ախոյեանութեան պիտի մասնակցին 13 երկիրներ: Անոնց կարգին պիտի ըլլայ ճափոնցի Քոհի Եամամոթօ, որ աշխարհի ընդհանուր դասաւորման մէջ դասուած է 30-րդ:
«Նկատի ունենալով, որ հեծելարշաւի աշխարհի ախոյեանութենէն ետք ասիկա կը նկատուի մեծագոյն կարեւոր իրադարձութիւններէն մէկը, Ֆրանսայի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին հետ գործակցաբար մեր հաւաքականի մարզիչ նշանակեցինք ֆրանսացի Սամուէլ Ռըուէին, որ երկու օր ետք` կիրակի, պիտի հրապարակէ իր կազմը: Ան է, որ պիտի ճշդէ իր կազմը` նկատի ունենալով, որ ֆետերասիոնը երբեք միջամուխ պիտի չըլլայ անոր:
«Ան շեշտեց այն կէտը, որ մարզիկները պէտք է հեռու մնան խթանիչ դեղեր գործածելէ»:
Խօսք առաւ նաեւ Անթուան Շարթիէ, որ իր կարգին շեշտեց կարեւորութիւնը ամէն գնով խուսափելու խթանիչ դեղերէն, որոնք կու գան միայն վնաս հասցնելու բոլորին:
Ապա ցուցադրուեցաւ յատուկ տեսերիզ մը, թէ ինչպէ՛ս Լիբանան առաջադրեց իր թեկնածութիւնը:
- 0 Comments
- 14 views
- Tweet
Email
Print





