Tuesday May 21, 2013

Այսօր` Լիբանանի Թեքուանտոյի Նոր Ֆետերասիոնին Ընտրութիւնները

By adminx - Sat Oct 06, 6:01 am

Ինչպէս ծանօթ է, Լիբանանի տարբեր ֆետերասիոնները ներկայ հանգրուանին փոփոխութիւններու կ՛ենթարկուին տեղի ունեցած կամ ունենալիք ընտրութիւններով:

Կարգը հասած է Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնին, որուն ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան այսօր` շաբաթ, 6 հոկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 17:00-ին, «Քաունթրի Քլապ-Քափ Սիւր Վիլ»-ի մէջ (Մար Ռուքոզի շրջան):

Նոր ընտրութիւններուն համար իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած են 11 անձեր` 9 աթոռի համար:

Հետեւաբար, ասիկա կը նշանակէ, որ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան բացի եթէ անոնցմէ առաջ երկու անձեր իրենց առաջադրած թեկնածութիւնը յետս չկոչեն:

Ստորեւ կու տանք այդ 11 թեկնածուներուն անունները.

Քարին Էմիլ Լահուտ, Ապտել Համիտ Սայիտ Քարաքի, Ժորժ Թուֆիք Զէյտան, Օմար Իպրահիմ Մասրի, Պասսամ Ուատիհ Օպէյտ, Անուար Տաուտ Նաամէ, Ուիսամ Սաատէ Սաատէ, Պաշիր Մասուտ Մրատ, Ժորժ Ժամիլ Խաթթար, Հիւսէյն Մահմուտ Զաայթեր եւ Էլի Սայիտ Նաժըմ:

Leave a Reply

Advertisement