Wednesday May 22, 2013

Խիամիի Եւ Ֆարաոնի Միջամտութենէն Ետք. Լիբանանի Դահուկարշաւի Նոր Ֆետերասիոնին Կազմը` Յստակացա՞ծ

By adminx - Sat Oct 06, 5:56 am

Այնպէս կը թուի, որ Լիբանանի դահուկարշաւի նոր ֆետերասիոնին ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան առանց քուէարկութեան` մրցակիցներու չգոյութեան պատճառով:

Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամի, Զուքի ճաշարաններէն մէկուն մէջ յատուկ ժողով մը ունեցաւ Շարպել Սալամէի գլխաւորած ցանկին հետ, որ միակն ըլլալով ամբողջական է:

Խիամի առաջարկեց ընտրութիւնները կատարել առանց քուէարկութեան` հիմնուելով 11 թեկնածուներէ բաղկացած համաձայնական ցանկին վրայ:

Նկատի ունենալով, որ այդ ցանկը կ՛ընդգրկէ 12 թեկնածու, նախկին նախարար Միշել Ֆարաոնի միջամտութենէն ետք, Ռասինկի նախագահ Ժորժ Ֆարահ յայտարարեց, որ յետս կը կոչէ ակումբին կողմէ առաջադրուած թեկնածուն` Ժըպրան Քըթինին:

Անոր փոխարէն 11-րդ թեկնածուն կը հանդիսանայ Լորա Նասսար եւ այսպիսով ցանկը կ՛ըլլայ ամբողջացած:

Ասկէ մեկնելով` գրեթէ իրականութիւն կ՛ըլլայ այն մէկը, որ այժմէն իսկ յստակացած է 11 անձերէ բաղկացած նոր ֆետերասիոնին կազմը, որուն պաշտօնական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան այսօր` շաբաթ, 6 հոկտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 14:00-ին, Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի կեդրոնատեղիին մէջ:

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement