Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Գերմանական Խորհրդարանի «Գերմանիա – Հարաւային Կովկաս» Խորհրդարանական Խումբի Նախագահը
By adminx - Sat Oct 06, 7:43 am
- 0 Comments
- 61 views
- Tweet
Email
Print
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Գերմանիոյ խորհրդարանի «Գերմանիա-Հարաւային Կովկաս» խորհրդարանական խումբի նախագահ Վոլֆկանկ Պիորնզենը:
Նախագահ Սարգսեան ողջունեց Պիորնզենի գլխաւորած պատուիրակութեան Հայաստան այցելութիւնը եւ կարեւոր նկատեց խորհրդարանական ձեւաչափով այցելութիւնները` իբրեւ բարեկամ երկիրներու եւ ժողովուրդներու միջեւ փոխադարձ ճանաչողութեան բարձրացման եւ բարեկամութեան ամրապնդման ուղղուած քայլ: Այսպիսի այցելութիւնները, ըստ նախագահին, կը նպաստեն նաեւ միջազգային ասպարէզին մէջ Հարաւային Կովկասի մասին առարկայական իրազեկուածութեան մակարդակի բարձրացման:
Երկու կողմերը ընդգծեցին, որ հայ-գերմանական քաղաքական երկխօսութիւնը եւ բազմաբնոյթ համագործակցութիւնը երկկողմանի յարաբերութիւնները շարունակաբար զարգացնելու լայն կարելիութիւններ կը ստեղծեն: Պիորնզեն նշեց, որ իր գործընկերներուն հետ այսուհետեւ եւս ջանքեր պիտի գործադրէ տարբեր մարզերու մէջ Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ փոխադարձ գործակցութիւնը խթանելու եւ Հայաստանի զարգացման նպաստելու ուղղութեամբ:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին նաեւ շրջանային խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն շուրջ:
- 0 Comments
- 61 views
- Tweet
Email
Print




