Thursday Jun 20, 2013

Նալբանդեան Ընդունեց «Զուիցերիա – Հայաստան» Բարեկամութեան Խորհրդարանական Խումբի Պատուիրակութիւնը

By adminx - Sat Oct 06, 7:42 am

Նալբանդեան` զուիցերիացի խորհրդարանականի մը հետ

Երէկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան աշխատանքային ճաշի հանդիպում մը ունեցաւ Երեւանի մէջ հաւատարմագրուած Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններու դեսպաններուն եւ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավարին հետ:

Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուեցան Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու եւ անոնց շրջագիծին մէջ ընթացող բանակցութիւններուն եւ իրականացուող ծրագիրներուն մասին: Կողմերը անդրադարձան Ընկերակցութեան ծրագիրի օրակարգի ձեւաւորման հարցին: Երկու կողմերը գոհունակութիւն յայտնեցին Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն մէջ արձանագրուած յառաջընթացին առիթով:

Զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ արցախեան տագնապի լուծման հոլովոյթին շարունակման, ինչպէս նաեւ քննարկուեցան միջազգային եւ շրջանային բազմաթիւ հարցեր:

Երէկ նախարար Նալբանդեան ընդունեց նաեւ Զուիցերիոյ խորհրդարանի «Զուիցերիա-Հայաստան» բարեկամութեան խորհրդարանական խումբի պատուիրակութիւնը` համանախագահներ Ուելի Լոյենպերկըրի եւ Տոմինիք Տը Պիւմանի գլխաւորութեամբ:

Ողջունելով հիւրերը` նախարար Նալբանդեան գոհունակութիւն յայտնեց Հայաստանի եւ Զուիցերիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ի վեր քսան տարիներու ընթացքին թէ՛ փոխադարձ այցելութիւններուն եւ թէ՛ միջազգային տարբեր բեմերուն վրայ յաճախակի շփումներու միջոցով, բնականոն յաճախականութեամբ զարգացող բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութեան առնչութեամբ:

Նախարար Նալբանդեան ողջունեց զուիցերիացի երեսփոխաններու այցելութիւնը Արցախ` նշելով, որ այսպիսի այցելութիւնները կարելիութիւն կու տան մօտէն ծանօթանալու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին եւ հոն տիրող իրավիճակին:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար` զուիցերիացի խորհրդարանականները վստահեցուցին, որ պիտի շարունակեն իրենց գործունէութիւնը  հայ-զուիցերիական փոխադարձ գործակցութեան աւելի ամրապնդման եւ խորացման ուղղութեամբ:

Նախարար Նալբանդեան առանձնայատուկ ձեւով կարեւոր նկատեց խորհրդարանական դիւանագիտութեան դերը եւ մասնաւորաբար բարեկամական խումբերու կողմէ իրականացուող աշխատանքները` իբրեւ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման կարեւոր բաղադրիչ:

Կողմերը անդրադարձան նաեւ միջազգային եւ շրջանային շարք մը հարցերու:

Leave a Reply

Advertisement