Wednesday Jun 19, 2013

«Միասնական Թեկնածուի Նախանշաններ Չեմ Տեսներ» Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան

By adminx - Sat Oct 06, 7:40 am

Աղուան Վարդանեան

Հայաստանի Ազգային ժողովի աւանդական զրոյցին ընթացքին, անդրադառնալով Վարդան Օսկանեանը անձեռնմխելիութենէ զրկելու հարցին, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան անգամ մը եւս նշեց Դաշնակցութեան յստակ դիրքորոշումը` Օսկանեանի նկատմամբ առնուած քայլին քաղաքական ենթահողը յստակ էր, յստակ են նաեւ քաղաքական հետապնդման նշանները:

Ան յայտարարեց, որ եթէ Օսկանեան քաղաքականութիւն չմտնէր, դատախազը Ազգային ժողով չէր մտներ:

Պատասխանելով լրագրողներու այն հարցումին, որ արդեօք սխալ չէ՞ր այդ օրը Ծառուկեանի բացակայութիւնը, դաշնակցական պատգամաւորը նշեց, որ չի գիտեր Ծառուկեանի բացակայութեան պատճառը, բայց աւելցուց, որ անոր ներկայութիւնը տրամաբանական կ՛ըլլար:

Աղուան Վարդանեան չմեկնաբանեց նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի արձագանգը` Օսկանեանը անձեռնմխելիութենէ զրկելու հարցին առնչութեամբ:

Խօսելով նախագահական ընտրութիւններուն մասին` Աղուան Վարդանեան անգամ մը եւս նշեց, որ ՀՅԴ իր մօտեցումները յստակ շարադրած է` «անձերու խնդիր չենք քննարկեր»: Աղուան Վարդանեան այս պահուն միասնական թեկնածուի նախանշաններ չի տեսներ, բայց կը կարծէ, որ իրադրութիւնը կրնայ փոխուիլ:

Դաշնակցական պատգամաւորը յայտնեց, որ մեծամասնութիւնը լաւ վիճակի մէջ չի գտնուիր: Ան պատմեց, որ Օսկանեանի հասցէին ամէնէն մեղադրական խօսքերը ըսող մեծամասնութեան պատգամաւորները կը մօտենային Դաշնակցութեան պատգամաւորներուն եւ կը շնորհաւորէին զանոնք իրենց լաւ ելոյթին համար:

Աղուան Վարդանեան նշեց, որ անոնք խնդիրներու առջեւ պիտի գտնուին: Ան ընդգծեց, որ երբ ժամանակին ՀՅԴ-ին կ՛ըսէին, որ նախկին 16 պատգամաւորներու փոխարէն հիմա 5 հատ կայ, ինքը նշեց, որ թէ՛ նախկին, թէ՛ ներկայ կազմով իրենք չեն կրնար ազդել քուէարկութեան արդիւնքներուն վրայ, իսկ մեծամասնութեան վիճակը վատացած է, երբ քուէարկութենէն առաջ պատգամաւորները, ժողովի օրինականութիւնը ապահովելու խնդիր կը լուծեն:

Անդրադառնալով Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան պոյքոթին` Աղուան Վարդանեան նշեց, որ պէտք է սպասել եւ տեսնել, թէ ի՛նչ վարքագիծ պիտի դրսեւորէ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը: «Ի՞նչ պիտի որոշէ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը` պիտի վերադառնա՞ն Ազգային ժողով, թէ՞ ոչ: Ասիկա իսկապէս կրնայ նոր զարգացումներ բերել», ըսաւ ան:

Leave a Reply

Advertisement