Sunday May 19, 2013

«Ազրպէյճանցիները Քաղաքացիական Օդանաւները Հարուածելու Քաջութիւնը Պիտի Չունենան» Կ՛ըսէ Արկադի Տէր Թադեւոսեան

By adminx - Sat Oct 06, 7:39 am

Արկադի Տէր Թադեւոսեան

Արցախեան պատերազմի հերոս, զօր. Արկադի Տէր Թադեւոսեան (Քոմանտոս) յայտարարեց, որ Պաքուն իր սպառնալիքները պիտի չիրագործէ եւ քաջութիւն պիտի չունենայ հարուածելու քաղաքացիական օդանաւները Ստեփանակերտի օդակայանի գործարկումէն ետք:

Հիմնաւորելով իր կարծիքը` ան նշեց, որ այդ հարցին առիթով արտայայտուած են բազմաթիւ միջազգային կազմակերպութիւններ, որոնց շարքին` Քաղաքացիական օդանաւորդութեան միջազգային կազմակերպութիւնը: Քոմանտոսը յայտնեց, որ կարելի չէ մոռնալ, որ ազրպէյճանական օդանաւները կը թռչին Հայաստանի վրայով, այդ պատճառով օդային սահմանի խախտման հարցը բարձրացնել պէտք չէ:

Ան համոզում յայտնեց, որ ազրպէյճանական կողմը կը գիտակցի, որ թէ՛ թեքնիք, թէ՛ քաղաքական առումներով իր սպառնալիքներուն իրագործումը անկարելի է:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ անընդհատ կը յետաձգուի օդակայանի գործարկումը, հակառակ անոր որ անիկա արդէն պաշտօնապէս շահագործման յանձնուած է, սակայն յստակ թռիչքներու մասին չի յայտարարուիր, Տէր Թադեւոսեան նշեց, որ իր տեղեկութիւններով ներկայիս բացառապէս թեքնիք հարցերը կը լուծուին` օդակայանի համալրման առումով: Ան յայտնեց, որ ունին մէկ օգտագործուած օդանաւ, որ բնականոն կ՛աշխատի, սակայն կը ցանկան նորն ալ ձեռք բերել:

Leave a Reply

Advertisement