Արժանթին Կատարած Այցելութիւնը Աւարտելէ Ետք Նախագահ Սլէյման Հասաւ Ուրուկուէյ
By adminx - Sat Oct 06, 7:35 am
- 0 Comments
- 53 views
- Tweet
Email
Print
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման աւարտելէ ետք Արժանթին կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը, երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը հասաւ Ուրուկուէյ:
Նախագահ Սլէյման հանդիպումներ ունեցաւ Ուրուկուէյի նախագահ Խօսէ Մուխիքայի եւ պետական ու բարձրաստիճան պաշտօնատարներու, ինչպէս նաեւ Ուրուկուէյի լիբանանեան գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ:
Մոնթեվիտէոյի մէջ նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Ուրուկուէյի փոխնախագահին հետ եւ ներկայ գտնուեցաւ ի պատիւ լիբանանեան պատուիրակութեան սարքուած ընթրիքին:
Նախագահ Սլէյման Ուրուկուէյի մէջ դիմաւորուեցաւ արտաքին գործոց նախարար Լէոնարտօ Քոնտիի եւ Ուրուկուէյի մէջ Լիբանանի դեսպան Լուիս Խուրիի կողմէ:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման Արժանթինի մէջ նախանցեալ երեկոյեան հանդիպում մը ունեցաւ Արժանթինի լիբանանեան գաղութին հետ:
Հանդիպումին, որուն ներկայ գտնուեցան շուրջ հազար լիբանանցիներ, նախագահ Սլէյման արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ նշեց, որ Լիբանան հպարտ է իրենցմով եւ շեշտեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ դէպի ժողովրդավարութիւն ուղղուելու իրականութիւնը կը նպաստէ Լիբանանին շահերուն:
«Լիբանան ամէն ջանք ի գործ կը դնէ ամուր հիմերու վրայ զետեղելու իր պետականութիւնը եւ դառնալու օրէնքի եւ իրաւունքի երկիր մը, որ օրինակելի պիտի ըլլայ ամբողջ շրջանին համար», ըսաւ ան:
Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ Լիբանան իր ապահովական կայունութիւնը վերահաստատած է լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն ճիգերով: «Լիբանանի կառավարութիւնը եւ պետութիւնը կը ջանան հզօրացնել ապահովութեան ուժերը, որպէսզի անոնք կարենան իրենք զիրենք պարտադրել երկրին մէջ` առանց այս կամ այն կողմին օժանդակութեան կարիք ունենալու», ըսաւ ան:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց նաեւ, որ լիբանանեան պետութիւնը լուրջ է արտերկրի լիբանանցիներուն քաղաքացիութիւն շնորհելու առումով, եւ կոչ ուղղեց անոնց իրենց անունները արձանագրելու Լիբանանի դեսպանատուներուն մէջ: Ան նշեց, որ որոշուած է արտերկրի լիբանանցիները մասնակից դարձնել 2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն` աւելցնելով, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը այդ իմաստով աշխատանք կը տանի:
- 0 Comments
- 53 views
- Tweet
Email
Print




