Wednesday May 22, 2013

ՔԱՍԼԻՔԻ Ս. ՀՈԳԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԹԱՂՄԱՆ ԿԱՐԳԻՆ

By adminx - Sat Apr 23, 6:44 am

Հանրապետութեան նախագահը կը համբուրէ հայր Թաննուսի խաչը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ ներկայ գտնուեցաւ Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանի Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապի անուան սրահին մէջ մատուցուած Յիսուս Քրիստոսի թաղման կարգին, որուն նախագահեց Մարոնի լիբանանեան միաբանութեան նախագահ հայր Թաննուս Նաամէ:

Հայր Նաամէ իր քարոզին մէջ շեշտեց, որ Լիբանան ոտքի կանգնած է իւրաքանչիւր քաղաքացիի ուժերուն վրայ, եւ իր խօսքը ուղղելով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանին, շեշտեց, որ ան իր համբերութեամբ կը դիմադրէ շրջանը հարուածող փոթորիկներուն` ընդգծելով, որ ինք կ՛աղօթէ, որպէսզի լիբանանեան նաւը ապահով հասնի ծովափ:

Հայր Նաամէ իր քարոզին մէջ յոյս յայտնեց, որ լիբանանցիները ընկալեն զիրար եւ փոխըմբռնումի հիման վրայ վարուին իրարու հետ:

Նշենք, որ արարողութեան ընթացքին գործավար նախարարներ Զիատ Պարուտ, Եուսեֆ Սաատէ եւ Ժըպրան Պասիլ, ինչպէս նաեւ երեսփոխաններ Էլի Մարունի եւ Ժորժ Ատուան Աւետարանի համարներու ընթերցումներ կատարեցին:

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement