Thursday May 16, 2013

Շարպել. «Խորհրդարանը Կը Քննարկէ Կառավարութեան Վաւերացուցած Ընտրական Օրինագիծը»

By adminx - Sat Oct 06, 7:29 am

Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել երէկ յայտնեց, որ խորհրդարանին մէջ խորհրդակցութիւններն ու քննարկումները սահմանափակուած են կառավարութեան մշակած ընտրական օրէնքին քննարկումով: Ան ըսաւ, որ հակառակ ընտրական տարբեր օրինագիծերուն, խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը կը քննարկեն կառավարութեան կողմէ խորհրդարանին փոխանցուած օրինագիծը:

Անդրադառնալով Նեպի Շիթի մէջ տեղի ունեցած պայթումին` Շարպել հաստատեց, որ այդ պայթումը դիտմամբ չէր կատարուած` աւելցնելով, որ պայթումը արձանագրուած է թեքնիք պատճառներով եւ ընդգծեց, որ պահեստանոցին մէջ գտնուող զէնքերն ու զինամթերքը բաւական հին եղած են:

 

 

Leave a Reply

Advertisement